Τετάρτη 27 Ιουλίου 2011

ՍԻՐԱՁԱՅՆ ՀԾԾԻՒՆՆԵՐ




Տո՛ւր համբոյրիս խանդոտ՝ շրթունքըդ բուստէ
Հուրի՜ աննիւթ, փաղփուն ծաղիկ երազի,
Ըսպասումի հովէն տենչըս կը մսի՜,
Ա՜հ, քու սիրոյդ ջերմութիւնով զիս պատէ:

Կոյս գրկիս մէջ նետէ գըլուխըդ չքնաղ.
Ջինջ նայուածքի զոյգ եթերներդ ինծի՜ տուր,
Ցանէ հոգւոյս մէջ սիրակայծ սրտիդ հուր
Եւ հնչեցուր առջի սիրոյն հոն թակաղ:

Սեւ սաթի գոյն վարսերուդ թովքը բոլոր,
Ու ծաղկալից հոգւոյդ շունչը վարդաբոյր,
Լեցուր գրկիս, լեցուր սրտիս մէջ թափուր,
Թո՛ղ գգուանքիդ ըմպեմ հեշտանքն անսովոր:

Ա՜լ կը հաշմէ հոգիս պաշտումն իտէալ.
Լոկ հեռուէն ժպտող քու սէրդ ալ չունի
Ինծի համար իրեն թովանքն երբեմնի.
Եկո՛ւր, մօտէն զիս սիրովըդ պատէ ալ:


Միսաք Մեծարենց

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου