Τετάρτη 27 Ιουλίου 2011

***** (Կ'ՈՒԶԷԻ ՈՐ ՍԻՐՏՍ ԸԼԼԱՐ)




Կ'ուզէի որ սիրտս ըլլար
Աղուոր ծաղիկ անթառամ,
Զեղուն հիւթով երկնահամ.
Եւ դուն, մեղո՛ւ օդապար,
Բաժակիս մէջ հեշտալիր,
Կեանքս յաւիտեան ծըծէիր:

Հալէ՛ր, հալէ՛ր իմ հոգին
Եւ ըլլար ծով կապուտակ,
Ջուրերով քաղցր ու յստակ.
Եւ դուն, կարապ տափագին,
Թեւերովդ լուսածի՛ր
Ծոցս յաւիտեան պատռէիր:


Արշակ Չօպանեան

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου