Τρίτη 12 Ιουλίου 2011

ՅԻՇԱՏԱԿ




(Սիրերգ)


Մութ ըստուերներ, ծաւի լոյսեր ցիրուցան՝
Ցուրտ սարսուռով, լոյս-յոյզերով պարուրուած,
Հըպումով մը ազդու՝ եկան ու անցան,
Հուրքոտ բոցեր միայն թողլով շըրջահած:

Այդ բոցերը փայլեցան հոս մըշտարծարծ,
Մեր վառ սիրոյն հընոցին մէջ ոսկեծին,
Անէացած, խելահեղած յեղակարծ՝
Պըլլուեցայ յիշատակիդ առանցքին:

Անցար, գացիր, բայց թողուցիր արիւնող
Ասղընտունքը տագնապայոյզ լըքումիդ.
Բոց սէրէն վերջ՝ լըքումի վի՞շտը մըրկող:

Չէ՛, մի՛ ըլլար, անգո՜ւթ, այդչափ եսասէր՝
Սըրտիս՝ որ դեռ չէ՛ վարժըւած աներկմիտ
Մոռացօնքին: Ան չի՜ կըրնար սառիլ դեռ:


Միսաք Մեծարենց

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου