Δευτέρα 11 Ιουλίου 2011

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ






Երա՞զ, տեսի՞լ, անգոյ ստուե՞ր մ' անհոգի,
Ճառագայթի, փրփուրի խա՞ղ մը տարտամ:
Քմայապաշտ ծաղի՞կ մ' արդեօք ցընորքի,
Քու մղողոտ գիծերուդ ի՜նչ անուն տամ.
Երա՞զ, տեսի՞լ, անգոյ ստուեր մ' անհոգի:

Քու կապոյտըդ վճիտ, աղուոր ջուրերու
Եթերային անրջանքին է հանգոյն.
Ու քու կարմի՛րըդ Պենկալեան վարդերու
Երազամած կարմըրութեան պէս տժգոյն.
Գոգն աչերուդ կապոյտն ունիս ջուրերու:

Արցունքիդ մէջ նայեադներ պար կը դառնան:
Այդ ի՜նչ հեշտանք, որ շրթներուդ մէջ կ'ըմպես,
Շունչըդ գինով է հովերու պէս գարնան,
Ձայնըդ տարփոտ՝ աղբիւրներու երգին պէս...
Արցունքիդ մէջ նայեադներ պար կը դառնան:

Կը հմայեն զիս քու աչերըդ, կը շոյե՜ն,
Ու մարմինէդ ծորոծ խունկը մեղաւո՛ր,
Աւելի քաղցր է Քանանու գինիէն...
Հազարբուրեան այս պատարա՛գն է աղուո՛ր,
Թէ լո՛յծ աչերդ որ մութ հոգիս կը շոյեն:

Հրաշագո՜յ... Ո՜հ քու անդրիդ բիւրեղէ.
Սրունքներուդ սարսռացող ձիւնն հրաշէ՜կ,
Ու անանո՜ւն ցոլքը որ քեզ կ' ողողէ,
Մորթիդ թաքուն գանգուրներուն խուրձը շէկ...
Հրաշագո՜յ... ո՜հ, քու իրանդ բիւրեղէ:

Տենչերուս վրայ պիտի հսկեմ այս գիշեր
Որ բազուկնե՜րըս չը փընտռե՜ն քեզ իմ քով,
Սիրտըս ո՜ւր էր որ կուրծքէդ ոչինչ չը յիշէ՜ր,
Մինչեւ առտու պիտի հալէ՜ր արցունքով...
Կիրքերուս վրայ պիտի հսկեմ այս գիշեր:

Ի զո՜ւր: Հոգիս թաղուիլ կ'ուզէ հուլօրէն
Ստինքներուդ մտերմութեա՜նը մէջ կոյս.
Ու անութիդ որոշ մէկ ծա՛լքը նորէն,
Գիտեմ, որ զիս պիտի տանջէ մինչեւ լոյս...
Քու մէ՜ջդ հոգիս թաղուիլ կ'ուզէ հուլօրէն:

Տժգոյն աղջի՛կ, հիւսիսայգի աչքերով,
Կոպերուդ վրայ ու բիբերուդ մէջ խոնաւ,
Այդ ի՜նչ անճառ երանութիւն, ի՜նչ գորով...
Ո՛չ մէկ արգանդ քե՜զ պէս հրաշք չըծնաւ,
Տժգո՜յն աղջիկ, հիւսիսայգի աչքերով:


Ռուբէն Սեւակ

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου