Κυριακή 24 Ιουλίου 2011

ԿԸ ՆԱԽԱՆՁԻՄ ԵՐՋԱՆԻԿ




Կը նախանձիմ երջանիկ
Զգեստներուդ, որ մօտէն
Իրենց ծալքին մէջ փափկիկ
Քու մարմինդ կը գրկեն:

Կը նախանձիմ քու ոտքիդ
Մանրիկ քնքուշ մուճակին
Ու մանեակիդ մարգրիտ,
Որ կը պարուրէ վիզդ անգին:

Կը նախանձիմ սիւքերուն,
Որ մազերդ կը շոյեն,
Անբիծ աստղին իսկ սիրուն,
Որ կը ժպտի քեզ վերէն:

Կ'ատեմ երկինքն, ուր աչքերդ
Յափշտակուած կը թաղուին,
Ու մատեանը հրաշակերտ
Ուր կը սուզուիս հոգեւին:

Խոհերն որ քեզ կը պատեն
Ու երազներն անուշակ,
Որ միտքդ ինձմէ կ'անջատեն,
Կ'ատեմ հեռով մը վայրագ:

Հաւատա՛, Աստուած իսկ կ'ատեմ,
Խորհելով որ անոր, մերթ,
Աղօթքիդ մէջ երկնաճեմ,
Կ'ուղղես կու սիրտդ ու աչքերդ:


Արշակ Չօպանեան

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου