Πέμπτη 4 Αυγούστου 2011

ՀԱՅՈՒ ՈԳԻՆ




Մի՛ հարցնէք, ինչ է, ուր է,
Ուրկէ կու գայ հայու ոգին:
Ինչպէս արեւն է հուրհրան
Ինչպէս կանանչ է դաշտերուն
Ա՜յ, ճիշդ այդպէս, ամէն տեղ է
Հայու Ոգին:

Մեր հովերուն, մեր լեռներուն
Մեր դաշտերուն հոսող առուի,
Կանչի հետն է
Հայու Ոգին:

Մեր դաշտերու հովը որ կայ, մեղեդի՛ է.
Մեր ձայնաւոր աղբիւրները, ըսես՝ սաղմոս ու շարական.
Երդիքներէն, բուրվառ, ու վառ թոնիրներէն
Ջերմ աղօթքի ու խունկի պէս դէպի երկինք`
Կապոյտ ծուխն է
Հայու Ոգին:

Մի՛ հարցնէք ուրկէ կու գայ, կամ որ ճամբով
Եկած է ան՝ Հայկէն կարշնեղ, կապարծն ուսին,
Գեղապատշաճ:
Եկած է ան թըլոր Դաւթի թուր կայծակէն
Մեր հեթանոս նախնիքներէն,
Բագիներու բոց կրակէն եկած է մեզ,
Հայու Ոգին:

Ան եկած է կռուի ճակատ մեր դաշտերէն:
Բիւր նիզակներ, նետ ու վահան երկաթակուռ.
Սաղաւարտեայ այր ու ձիեր, գրո՛հ, արիւն:
Այդ արիւնի, ու արցունքի ճամբաներէն եկած է մեզ
Հայու Ոգին:

Ան եկած է Աւարայրի մեր յաղթական պարտութենէն,
Շէն Անիի հազար ու մէկ գմբէթներէն,
Հազար ու մէկ զանգակներու ղօղանջներէն:
Մեր հողերուն նետուած բեղուն
Սերմերուն պէս ապրող սիրտն է
Հայու Ոգին:

Ան մեզ կու գայ մեր վանքերու քարօտ ճամբով
Ժամ-վարժարան բանուկ ճամբով:
Մեր պապերու ոսկորներէն, գերեզմանի տխուր ճամբով
Արեւին հետ ան վար կ՛իջնէ, մեր արտերուն, մեր սրտերուն
Ու վեհափառ Արարատի անե՛լ, անյայտ ճամբով կու գայ
Հայու Ոգին:

Հայու ոգին կա՛նչն է սիրոյ աղջիկներուն եւ թէ տղոց.
Պապկէ՛ պսակ, պապկէ նարօտ հարսնիքներուն
Երգն է ուրախ, տափ ու ծնծղայ, արծաթ ծիծաղ
Աղջիկներու պար հեզանազ:
Հայ մայրերու գութ ու բարի, ու միւռոնով լեցուն սրուակ
Աչքերէ՛ն է որ կը կաթի
Հայու Ոգին:

Մեր պապերու հնադարեան դպրութիւնն է ու հին լեզուն:
Ձմեռ բուքին, Նարեկացու վանքի խուցին ճրագն է ան.
Մագաղաթէ հին, հին մատեան տաղարանի
Ու Մեսրոպի գերեզմանին ու երազին
Այբենգիմն է
Հայու Ոգին:

Մեր լեզուն է արեւաբոյ՛ր որ է մարմին եւ թէ հոգի
Կը բաշխուի որպէս նշխար, որպէս հաղորդ ու նկանակ:
Կը բաշխուի որպէս մարմին, որպէս գինի,
Գինի ու մաս՝
Հայու Ոգին:

Այդ ոգին է որ կը գաղթէ, կ՛ելլէ ճամբայ
Մեր երկնքէն ու մեր հողէն ու կը գտնէ
Ուր Հա՛յ մը կայ, ու անոր հետ զրոյց կ՛ընէ:
Ան կը ժպտի, ան կը տխրի, ու անոր հետ արցո՛ւնք կու լայ:
Ու կը հսկէ որ ոչ մէկ հայ չըլլայ շէղի էն լոյս ճամբէն:
Մեր հոգիի էն լո՛յս ճամբէն, որ մեր հողին
Ու երկնքին մեզ կը տանի:
Հայու Ոգին:

Ինչ ալ ըսենք, բայց դեռ քիչ է.
Ինչն է իրաւ Հայու Ոգին:
Եթէ նայիք ձեր հոգւոյն մէջ,
Պիտի գտնէք մեր պապերէն բազմութիւն մը.
Պիտի գտնէք սաղաւարտեայ բանակ մը հին.
Պիտի գտնէք իմաստութիւնն ու ճրագը մեր վանքերուն:

Ձեր հոգւոյն մէջ պիտի գտնէք
Մեր լեռներուն ու ժայռերուն մէջ թաքնուած
Արձագանգի պէս թաքնուած,
Հայու Ոգին:


Համաստեղ