Πέμπτη 4 Αυγούστου 2011

ՕՐՕՐ ՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ






Դուն նստեր ես ճամբաներուն անկիւնը,
Մազերդ ի վար իջեր կախուեր է ձիւնը,
Մարմնոյդ վրայ կը փոսանան մութ խոցեր,
Եւ աչուըներդ արիւնի լիճ են դարձել:

Ո՞ր չար պարիկը հիւսեց թելը բախտիդ...
Ո՞վ տեսնելով քեզ տապալուած ու վտիտ՝
Պիտի յիշէ, որ դուն երբեմըն հզօր
Աղջիկն էիր սեւ աչքերով լուսաւոր:

Կը ծփային մազերդ ինչպէս դրօշ մը լայն՝
Ազատ լերան մէջ ուր հոգիդ մեծաձայն
Կը մռընչէր խոյանալով սարէ սար,
Ու ծոցդ հպարտ՝ մեղր ու կաթով կ'ուռենար:

Քեզ ցանկացին յելուզակները բոլոր.
Պաշարեցին քեզ ոսոխներ ահաւոր.
Երկար ատեն ոգորեցար, կռուեցար,
Մինչեւ ա՛լ խոնջ ինկար գետին ուժասպառ:

Եւ քու հոգիդ արգաւանդ էր ու բարի՝
Կործանարար ուժերուն մէջ վիթխարի.
Դուն կեանքի ծիլ մաւելցուցիր աշխարհին,
Մատներդ հողէն գեղեցկութիւն հանեցին:

Դուն Անահիտն էիր խաղաղ աչքերով,
Ոսկիամայրն էիր պայծառ լանջքերով,
Ծոցէդ բարիք, նայուածքէդ լոյս կը տեղար,
Շրթներդ դաշն էին ու ձեռքըդ ճարտար:

Եկան խուժերն ու ձեռքիդ կապ անցուցին,
Բզըքտեցին, աղարտեցին ծոցդ անգին.
Եւ բիւրախոց դարձար դուն Մայրը կարմիր՝
Գողգոթային ճամբուն վրայ ծնրադիր:

Ի՜նչ գեղեցիկ, ի՜նչ քաջ եղար ցաւին մէջ ...
Աղէտքին տակ հոգիդ մնացեր էր անշէջ.
Կարծըր լուծեր կոտրտեցիր ու մահէն
Քանի՜ անգամ ոտքի ելար դուն նորէն:

Աչքըդ լոյսին կը սեւեռէր անդադար.
Միտքըդ, խիզախ, նոր աշխարհին կը դառնար.
Ու դարերով յամառեցար, առանձին,
Թումբ ձեւանալ ասիական հեղեղին:

Մեծցաւ հեղեղն ու զգետնեց քեզ մոլեգին
Ու մարեց բոցըդ թափով իր ալիքին.
Չուառական, խաւարին մէջ, հողամած,
Միշտ կենդանի, դուն սպասեցիր գալարուած:

Գիշեր ատեն, մերթ հին շիրմաց խաչերը
Կ'երերային, ու Մասիսի քաջերը
Մութին մէջէն կը շողային բարկաճայթ,
Աչուըներէն արձակելով շառ ճառագայթ,

Օդին մէջ խուլ կը թընդային թմբուկներ,
Դուն, դող ելած, կ'առնէիր պահ մաչքըդ վեր,
Ու, վրդոված, կը նայէիր լեռներուն,
Ոչի՜նչ՝ բայց մութը ծանր ու պաղ լռութիւն...

Օր մալ ցաւի ցնցման մը մէջ անսահման՝
Ցցուեցար մեծ ճիչով մանձկոտ ընդվզման,
Աշխարհ ձայնիդ խուլ մնաց ու բիրտ ուժին
Կոյր գարշապարը ճզմեց ճիգըդ քուկին:

Բարկ հուրերու մէջ ճիւաղներ ցատկեցին,
Սիրտդ այրեցին ու աչուըներդ փորեցին,
Տունէդ վանուած, հովերուն տակ մնացիր,
Մերկ տարածուած - չորսդիդ արիւն ու մոխիր:

Հիմա նստեր ես, ցաւագի՛ն ուրուական,
Աւերներուն պատկերին մէջ տխրական.
Կը խածկրտէ վէրքերըդ հովը սառուտ,
Արիւն կ'իյնայ խեղճ ծիծերէդ կաս-կապուտ:

Դանդաղօրէն կը ժաժես գլուխդ ու կու լաս,
Ու ցած անուշ ձայնով օրօր կը կարդաս
Զաւկըներուդ, որ արիւնին մէջ ինկան
Եւ անոնց, որ չորս հովերուն ցրուեցան:

Օրօ՛ր կանանչ արեւներուն, լուսաւէտ
Աչուըներուն, որ մարեցան առ յաւէտ,
Եւ անոնց, որ դեռ կ'ապրին ու կը տանջուին
Զնդաններուն մէջ ու մռայլ աքսորին:

Հերի՛ք, հերի՛ք... այդ օրօրդ ողբ է մահու.
Հերի՛ք... մենք նոր օրօր ունինք երգելու,
Պիտի երգենք օրօրն յոյսին ու վրէժին,
Ու մեռելներն պիտի հողին տակ սարսին...

Հերի՛ք, հերի՛ք... վեր առ գլուխդ ու մի՛ լար,
Ցաւը սուրբ է, ցաւը՝ մեծ ու փրկարար.
Ոչինչ կայ վեհ, քան խաչին տակ զոհն արի,
Գիշերին մէջ կը հիւսուի այգը բարի:


Ժանտ դահիճներն ու քանդողները մթին
Փոշիի պէս պիտի անցնին ու ցնդին,
Ու մոխիրին մէջէն պիտի ելլես դուն,
Տառապանքէն նորոգուած ու շողշողուն:

Մի՛ լար, մի՛ թոյլ մազերդ հովուն տարտըղեր,
Մի՛ լար, մի՛ խեղճ գլուխըդ վար կործաներ.
Ճանճցիր դուն քեզ, ժողվէ՛ աւիւնդ ցիրցան,

Հերի՛ք ուժերդ օտար տան սիւն կանգնեցան:

Հանգի՜ստ դժգոյն եղբայրներուն, որ ինկան,
Ելի՛ր, օրհնէ՛ մեզ, տարածէ մեր վրան
Թեւերդ անհուն: Թող մեր արիւնն ու հոգին
Քու արեւուդ մատաղ ըլլան ու ցամքին:

Մութին մէջէն պիտի ցցուիս յաղթական,
Աչքերդ աստղեր պիտի դառնան ու ցոլան.
Վէրքերդ վարդ պիտի ըլլան հոտավէտ
Ու լոյս պիտի թափի ճերմակ մազերէդ:

Պիտի կանգնիս ճամբաներուն բերանը,
Պիտի քանդես Բռնութեան սեւ խորանը.
Ոտքի՛ ելիր, ցաւերդ երկունքն են հսկայ,
Ով Մա՜յր, աշխա՛րհ մը ծոցիդ մէջ կը խլըրտայ:



Արշակ Չօպանեան







Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου