Τετάρτη 27 Ιουλίου 2011

ԻՆՉՈ՞Ւ


Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ զիս սիրեցիր,
Փոքրի՛կ աղջի՛կ, քեզի մե՛ղք էր.
Փոքրիկ ծոցիդ թիթե՜ռ պէտք էր.
Դուն ծե՛ր արծի՜ւ մը բանտեցիր...

Կապոյտ աչուիդ երբ որ բացիր,
Կապո՜յտ աղջիկ՝ պլպլուն երգ էր.
Քե՜զ ալ սիրոյ մրմունջ պէտք էր,
Դուն գուժկան մռո՜ւնչս ընտրեցիր...

Ես կ'երթա՛մ միշ՜տ, անծայրածի՜ր,
Դամբաններ են ոտքիս հետքե՜ր,
Քեզ սիրոյ մեղմ սի՜ւք մը պէտք էր,
Դուն փոթորկի՜ն կուրծքըդ բացիր...

Կ'այրի՜ն աչերըդ սեւածիր,
Պիտի մեռնիս, այդպէս մ' երգե՜ր,
Քեզի փոքրիկ սէր մը պէտք էր,
Դուն Սէ՛ր- Աստուա՛ծը սիրեցիր...


Ռուբէն Սեւակ

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου