Παρασκευή 24 Αυγούστου 2012

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՆԵՐՈՒՄԸ







Ա.

-Ծխախո՜տ, սիկարէթի թուղթե՜ր, լուցկի՜...

Հիմա հազիւ տասներկու տարեկան կար Ռափիկ: Երկու տարի առաջ մեծ հայրը բռներ էր թեւէն ու հաներ դպրոցէն դուրս՝ սա պէս տրամաբանելով.

-Ծօ, ուսմունքը դրամ չի վաստկիր, հացերնուս փարան հանելու նայինք. ա՛ռ սա տուփը:

Ու Ռամիկ կէս մեթր երկայնութեամբ, քառորդ մեթր լայնութեամբ եւ հինգ մատ բարձրութեամբ տուփ մըն էր կախեր ճիտէն վար, որուն մէջ կային ծխախոտի զանազան մեծութեամբ տուփեր, սիկարէթի թուղթեր, լուցկիի տուփեր, զոր պարտաւոր էր ամառ թէ ձմեռ՝ փողոցէ փողոց պտըտցնել, իր մանկային սուր, կերկերահունչ ձայնովը.

-Ծխախո՜տ, սիկարէթի թուղթե՜ր, լուցկի՜...

Բ.

Մեծ հայր ու թոռ կ'ապրէին խարխուլ ու խոնաւ սենեակի մը մէջ, որ փլփլած տունի մը գետնայարկն էր, աղտոտ, գիշեր թէ ցերէկ՝ կէս մը մութ:

Մութը կը կոխէր, Նոյեմբերի մութը: Հաճի Մարտիրոս հաներ էր ակնոցը ու փողոցը կը դիտէր, երբեմն քիթին տակէն մռմռալով.

-Աս լակոտը ո՞ւր մնաց. ա՜խ, այս անգամ ալ եթէ պակա՜ս ելլէ... Ու ձեռքը տարաւ անթացուպին:

Երբ Ռամիկ ներս մտաւ վախվխելով, ծերունին սկսաւ համրել տուփերը:

-Ծախածներուդ փարա՜ն,- ըսաւ ան:

Ռափիկ տուաւ գրպանին մէջ ունեցած բոլոր դրամը: Ծերունին հաշուեց: Յանկարծ սոսկալի շարժում մը տեղի ունեցաւ, անգութ ու սրտաճմլիկ բան մը: Հաճի Մարտիրոս տեղը չէր: Հիմա անոր բարձր հասակը կը ցցուէր սենեակի մէջտեղ: Աչքերը կրակ էին կտրեր եւ ահարկու անթացուպը կ'ելլէր, կ'իջնէր անխնայ՝ ամէն էջքին չոր աղմուկ մը եւ սրտակտուր ճիչ մը հանելով:

Հաճի Մարտիրոս կը ծեծէր իր թոռը: Կը պակսէին տուփ մը լուցկի եւ տուփ մը ծխախոտ: Չարաճճի ստահակը զանոնք ծախած ու պտուղ գնած ըլլալու էր: Առաջին անգամ չէր ասիկա: Երկու-երեք օրը անգամ մը Ռափիկ կը գործէր այս յանցանքը եւ բնաւ չէր ուղղուեր կերած ծեծերէն:

Յետոյ խոնջէնքը կու գար կասեցնելու Հաճի Մարտիրոսին ձեռքերը: Իսկ Ռափիկ, հարուածներէն խորտակուած, կը պառկէր երեսի վրայ՝ ցաւագին հծծիւններ արձակելով:

Գ

Տարիներ անցան: Մեռած էր մեծ հայրը, ու հիմա Ռափիկ ձուկ կը ծախէր: Շէնշող երիտասարդ մըն էր դարձեր՝ գործը շտկած, քսակը լեցուն: Բայց երբեմն, առանձին գտնուած ատենը կը յիշէր իր մանկութեան զարհուրելի օրերը, աչքին առջեւ կու գար մեծ հայրիկին դաժան, ահարկու դէմքը եւ մանաւանդ այն հրէ՛շ անթացուպը, որ կը կործանէր իր մարմինը: Կը մտածէր թէ ինչո՛ւ կը պակսէին իր տուփին լուցկիները: Իր կարշնեղ ձեռքերը մոլեգին կը գոցէր ու կ'ուզէր իր դիմացը տեսնել վատ արարածը, որ այդ անգթութիւնը կ'ընէր իրեն: Պիտի բզկտէր զայն: Պիտի բզկտէ՜ր...

Դ

Ցերեկ մըն էր, աշնան սկիզբը: Ռափիկ ետ կը դառնար ձուկերուն մեծ մասը ծախած, սիրտը գոհ եւ ուրախ: Փողոցէ մը անցած պահուն, տունէ մը կանչեցին զինք: Կեցաւ: Արցունքոտ աչքերով կին մը, գլուխը պատուհանէն երկարելով, ըսաւ.

-Ռափիկ, տղա՛ս, քիչ մը վեր կու գա՞ս, զաւակս կ'ուզէ քեզ:

-Շա՛տ աղէկ, գամ,- հաւանեցաւ Ռափիկ:

Երբ վերնայարկը բարձրացաւ, տխուր պատկեր մը պարզուեցաւ իր աչքերուն: Մահճակալի վրայ պառկած էր կմախացած, մահամերձ երիտասարդ մը: Սնարին կողմը, աթոռի մը վրայ նստած էր քահանայ մը, որ կը մռլտար հոգեվարքներուն աղօթքը:

-Գարեգի՛ն, տղա՛ս, ահա՛ Ռափիկը,- ըսաւ կինը:

Հիւանդը ցնցուեցաւ ամբողջ մարմնով: Սփոփանքի լայն հառաչ մը արձակեց կոկորդէն. գլխով նշան մը ըրաւ ձկնորսին, որ մօտենայ: Ռափիկ մօտեցաւ զարմացած:

-Ռափի՛կ, ճանչցար զիս,- շշնջաց հիւանդը:

-Չէ՛:

-Սա... գիտե՞ս... պզտիկութեանդ լուցկի կը ծախէիր... ցերեկները մէկտեղ կը խաղայինք...

-Ծօ՜, հա՛, Գարեգինը... վա՜յ խեղճ տղայ... այդ ի՞նչ ես եղեր:

-Պիտի մեռնիմ... բայց մեռնելէս առաջ ներէ՛ ինծի... ներէ՛...

-Ի՞նչ ես ըրեր որ ներեմ:

-Տուփին մէջէն ծխախոտ... թուղթ... լուցկի գողցողը ե՛ս էի:

Մռնչիւն մը արձակելով ետ նետուեցաւ Ռափիկ՝ դէմքն ահռելի կերպով այլայլած, տժգոյն, դողահար.

-Վա՜յ, դուն էիր հա՞... անօրէ՛ն...

Ու փայլակի արագութեամբ յիշեց իր ամբողջ տառապագին մանկութիւնը, թշուառութիւնը, չարչարանքները, ծեծերը, վերջապէս ամէն բան, որոնց միակ պատճառը այդ մահամերձ հիւանդն էր: Ռափիկ վեր առաւ իր ահարկու բռունցքը՝ մէկ հարուածով ջախջախելու համար այդ անխիղճ արարածը: Բայց սպիտակամօրուս քահանան պաղատական շարժումով մը արգիլեց զինք:

Հիւծախտաւորը, մահճակալին վրայ իր կռնակին փռուած, կը շարժէր կզակը.

-Ներէ՜... ներէ՜... ներէ՜...

Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ զգաց Ռափիկ: Վար ինկան իր հուժկու բազուկները, դէմքին ահարկու արտայայտութիւնը փոխուեցաւ արգահատանքի, թացութիւն մը շողաց աչքերու մէջ:

-Ներեցի՛, աղբա՛րս, ներեցի՛,- ըսաւ ու խենթի պէս դուրս վազեց սենեակին դուռնէն, արագաբար վար իջաւ, փողոց նետուեցաւ՝ իր ահռելի տագնապին մէջ սա հին, վաղեմի բացագանչութիւնը արձակելով.

-Ծխախո՜տ, սիկարէթի թուղթե՜ր, լուցկի՜...

Դրացիները, որոնք պատուհանն էին, շատ խնդացին Ռափիկի այս անոյշ կատակին վրայ:



Երուխան
 

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου