Τετάρτη 29 Αυγούστου 2012

ՎԱՍՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ








Ու մանուկներ անօթեւան մօր մը երա՜զն ամուր գրկած,
Զաւկի մը սէրն՝ ափ մը հողի մէջ որոնող մայրեր տխուր,
Հարսեր՝ իրենց բերնին վրայ բերնի մը յո՜ւշն անվերադարձ,
Կոյր բիբերով կեանքին նայող պարմանիներ սրտակըտուր,
Իրենց ձայնին մէջ աղեխարշ ճիչն առ յաւէտ մեկնողներուն,
Գիշերին մէջ քեզ փնտրեցին երկրէ երկիր ու դռնէ դուռ,
     - Խաղաղութի՜ւն...

Գինովի պէս՝ հողին վրայ հազիւ կանգնող խարխուլ պատեր,
Տուներ աւեր, գիւղեր հրկէզ ու քաղաքներ հիւծախտաւոր,
Գուրգուրացող ձեռք մը կանչող արմատախիլ ծառեր անտէր,
Եւ անհամար շիրմաքարեր, իրենց կուրծքին՝ բառեր հզօր,
Երկնքին դէմ կեցած յանկարծ, եղան բողոք եւ ընդվըզում,
Ու անդադար քե՛զ կանչեցին պարապին մէջ անդնդախոր,
     - Խաղաղութի՜ւն...

Բայց բանուորի ձեռքեր հուժկու՝ իրենց մէջ տե՛նդն աշխատանքի,
Հողին վրայ կեա՜նք ակօսող շինականի ձեռքեր անխոնջ,
Բռնութեան դէմ պատնէշ կանգնող հերոսներու ձեռքեր արի,
Ու խաւարէն լոյս յօրինող բանաստեղծի ձեռքեր ըմբոստ,
Նո՛յն պայքարէն, նո՛յն երազէն առած հաւատք ու զօրութիւն,
Քե՛զ կը պարզեն արեւին դէմ, յաղթանակի իբրեւ դրօշ,
     - Խաղաղութի՜ւն...


Գառնիկ Ադդարեան

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου