Ըսէ՜, ըսէ՜, ով անգին ու վիրաւոր Աղթամար: Երգէ քու ծիրանի հեռաւոր փառքդ: Ահա պայծառ ու անարատ ջուրերդ, զորս դուն լացիր չարչարանքի գիշերներուդ, անհունօրէն կ'ադամանդանան, ահա քու անարատ ջուրերդ կը կայծկլտան, մինչ այգուն նորազարթ շողերը ոսկեփոշի կը սրսկեն Սիփանն ի վար, Վարագն ի վեր: Ա՜, լոյսն է, լուսածա՜գն է: Ի՜նչպէս երազային է մեղեդին, զոր թախծաթրթիռ գանգիւնները կը մեներգեն քու պաշտելի կաթողիկէէդ, մինչ ծիծառները քու խորշերուդ մէջ ապաստանած, ահա կ'արթննան, ու աղկիոսնները քու գրգանոյշ ալեակներուդ վրայէն կը սահին, ու ահա ճամբորդ կռունկները՝ քու բարձունքներուդ վրայ գիշերուան մը հանգրուանէն ետք, կը տարագրուին իրենց ցաւակոծ հոգին պտըտցնելու հայրենի այերին ընդմէջէն: Պերճաշուք ու դիցական գիշերէն ետք, ահա լոյսն է, լոյսի փառքն է, ու դո՛ւն, որ ազնուական տրտմութիւնդ կ'արձանացնես, Աղթամա՛ր, երգէ պահ մը քու բիւրեղացած փառքդ:


Դարե՜ր, դարե՜ր, ամպրոպներն իսկ իրենց հրային զայրոյթներուն մէջ խնայեցին քու գգուելի գլուխդ, թէեւ նահատակներուն ձայնը կը լսէիր սարսուռով՝ ջուրերուդ կողերէն, եւ ահաւոր անձկութեամբ կը տեսնէիր ցնորեցնող ոճիրները, ինչպէս կապանքուած մայրը իր առջեւ մորթոտուող զաւակը: Բայց նորէն կը մնայիր հաստատակեաց, վիզդ միշտ բարձր: Եւ հիմա դահիճը եղեռնի իր ծարաւին մէջ արիւնատենչ նայուածքը քեզի կը դարձնէ, իր ժպիրհ թաթը քեզի կ'երկարէ, որպէսզի քեզ գլխատէ, իր թունաւոր նետը քու միւռոնաբոյր ճակատիդ կ'արձակէ, որպէսզի քեզ սպաննէ:
Ու դո՛ւն, Աղթամա՛ր, այդ եղեռններուն մէջ, ու դահճային հարուածներուն ներքեւ առանձնակեաց ու անձկայրեաց վիրաւորն ես, եւ լուռ տառապագին սպասումիդ մէջ, քու երբեմնի ծիրանի փառքիդ հանդիսաւորութեամբը, մեր հայրենի եղերերգը կը կոթողացնես:
Գեղամ Բարսեղեան
Δεν υπάρχουν σχόλια:
Δημοσίευση σχολίου