Πέμπτη 16 Αυγούστου 2012

ԳԻՒՂԻՍ ՃԱՄԲԱՆ





Կեանքի նաւակն հետք չթողուց իր ետին,
Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կ'անհետին,
Յիշատակն ալ կ'անցնի երգի մը նման...

*****

Հոգիս սակայն կը յիշէ՛ քեզ,
Քե՛զ, ծաղկաւէտ գիւղի՛ս ճամբան,
Ուր քալէինք գառնուկս ու ես
Դէպի պուրակն ու բուրաստան,
Անմեղութեան երազին պէս:

Ու քովիկէդ դողդողագին
Սահէր աղուոր, վճիտ առուն,
Մե՛րթ կամուրջին, եւ մե՛րթ մարգին
Տակ պահուելով՝ կ'երթար հեռուն,
Ամայութեան իբրեւ ոգին:

Բարակ, նիհար քանի մը ճիւղ
Կը զատուէին վըտիտ բունէդ,
Մին կը դիմէր դէպ' անշուք գիւղ,
Կը տարածուէր, կ'ըլլար անհետ,
Բոլորելով խրճիթն ու հիւղ:

Մին կը մագըլցէր բլուրն ի վեր
Միւսը կ'իջնէր ձորակէն վար,
Ուր ռւռենին կու տար ստուեր,
Ու սրինգն իր երգը կու լար,
Զոր կրկնէի՛ն գարնան հովեր:

Ձմեռն ալ, երբ ձիւնն սպիտակ
Կը գտնէր մեզ շուրջ թոնիրին,
Անհետ կ'ընէր իր ծալքին տակ
Մեր հին գիւղին վտիտ ուղին,
Ինչպէս մարգերն ու մանիշակ:

*****

Տաշուած քարէ ուղիղ ճամբան
Կը տանի զիս արդ ի ծովափ,
Կը ճմլըուի՛ հոգիս սակայն,
Մտածումով մը հրատապ,
Ու կը թռչիմ հին մանկութեան:

Հոն փակ թէեւ, սակայն աղուոր
Ու երփնագեղ էր հորիզոն,
Հմայքներով լի բիւրաւոր
Անմեղութիւն կը խայտար հոն՝
Ճամբուն վրայ ոլոր-մոլոր:

Մին կը մագըլցէր բլուրն ի վեր,
Միւսը կ'իջնէր ձորակէն վար,
Ուր ռւռենին կու տար ստուեր,
Սրինգն իր երգը կու լար,
Զոր կրկնէի՛ն գարնան հովեր:

Կեանքի նաւակն հետք չթողուց իր ետին,
Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կ'անհետին,
Յիշատակն ալ կ'անցնի երգի մը նման...


Ռուբէն Որբերեան

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου