Τετάρτη 23 Μαρτίου 2011

ԶԱՆԳԱԿՆԵ՜Ր, ԶԱՆԳԱԿՆԵ՜Ր...




Զանգակնե՜ր, բարի՜, բարի՜ զանգակներ,
Ի՞նչ բան կասեցուց ձեր գուժկան լեզուն,
Խօսք ելլել կ'ուզէ արիւնը վազուն…
Կը լռէ՜ք, բարի՜, բարի՜ զանգակներ։

Արդեօ՞ք, ձեր միստիկ հագագն արոյրէ,
Ուր կեղեւ՜ պատեց աղօթքի փոշին,
Եւ ուր կ'երազէ՜ր խունկի գոլորշին,
Յեղակարծ ցաւէն՝ անզօ՜ր կը լռէ՞:

Ո՛չ։ Ձեր դարաւոր հոգին պղնձի-
- Որ շա՜տ, շա՜տ յաճախ տեսեր է Բարին,
Յաղթուած Չարէն- այժմ իր բարբառին
Ու իր Աստծուն վրայ կը կասկածի…

Ա՜խ, որովհետեւ տեսաք ձեր բարձրէն,
Հաւատաւորներ հազարով, բիւրով,
Ինկած հեթանոս տապարով, բիրով-
Ձեր ոտքերուն տակ, երկիւղածօրէն…

Ու ձեր գմբեթէն դիտեցիք անձայն,
Թէ ինչպէս խնկոտ տաճարներու մէջ՝
Որբ, կին, ծերունի, բոցերով անշէջ,
Իրենց Աստծուն գահին զոհուեցան:

Բայց… գիտէք նաեւ, թէ մեր դարաւոր
Դիակներու բուրգը ամպերէն անցաւ,
Ու մեր արիւնի ժահրէն նեխեցաւ
Սրբութիւններու ծոյլ գունտն երկնաւոր…

Արդ՝ ո՞ւր էք, չքնաղ խոստումներ Խաչին,
Եղբայրութեան զուր բարբառներ, ո՞ւր էք,
Կրակ կը փսխէ հողն ամենուրէք,
Գետերն արիւնով, դիակո՜վ կ'ուռչին…

Ու կ'իյնայ այն, որ կը ծնկէ ահով,
Զի թուրն աւելի արդար է Խաչէն,
Զի կեանքն անոնց է միայն, որ քաջ են,
Անոնց, որ կ'ապրին ուրիշի մահով…

Որովհետեւ դեռ հեռու է օրն այն,
Երբ գայլն ու գառնուկ սիրով արածին…
Թէ ապրիլ կ'ուզէ գառը նորածին ՝
Պէտք է իր ակռան սրէ լռելեայն…

Լուռ էք, զանգակնե՜ր, Աստուած է մեռեր։
Գոյժ տուէք վաղուան, զի հասկը մեռաւ.
Գոյժ տուք հայուն, զի ազգը մեռաւ:
Զանգակնե՜ր, ծերո՜ւկ, բարի՜ զանգակներ…

Ինչպէ՜ս կ'ուզէի ես ձեր պարանին
Կախուիլ ու ցնցել երկաթ բազուկով.
Անոնք, որ ինկան բիւրով, քովէ քով,
Ձեր ղօղանջին հետ՝ լալու պէտք ունին…

Հոգիիս հազար խուլ զանգակներով
Գոռացէք զանգեր ու կատաղօրէն
Գահավիժեցէք ձեր երկաթ թառէն,
Ուրկէ միայն լալ գիտցաք դարերով…:


Ռուբէն  Սեւակ

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου