Δευτέρα 7 Μαρτίου 2011

ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐ

Քանի օր է քեզմէ հեռու եմ նորէն ու շրթներուս վրայ բոյրը քու վերջին համբոյրին, տե՛ս, կարօտի կարմիր կրակ է դարձեր:
Մեր անփոխարինելի այս սէրէն ժամանակն ու մարդեր ոչինչ, ոչինչ կրցան նուազեցնել: Որքան աւելի մօտէն ճանչցայ քեզ՝ երբեմնի թարմութիւնդ ու գրաւչութիւնդ շեշտուեց անանձնականացա՛ն աւելի:
Քեզ որքան սիրեցի՝ ցանկացայ այնքա՜ն աւելի: Ու դուն աղուորցար, բիւրապատիկ աղուորցար ամէն անգամ, որ քիչ մը աւելի ունեցայ, իմս ըրի քեզ:
Գիտնաս միայն, թէ որքան անհրապոյր են օրերս առանց քեզի ու ես մինակ՝ առանց քու ձայնին, ներկայութեան, երբ կ'անցնիմ բազմամարդ, հսկայ քաղաքներու լուսազարդ օտար մայթերէն, ուր ոչ ոք, ոչ ոք ծանօթ է քեզի:
Տարբեր ես դուն իմ անցեալ բոլոր սէրերէն, որոնք ապրեցան, իմաստաւորեցին օրերս շրջան մը, բայց դառնացած հեռացան, մահացան ի վերջոյ՝ չդիմանալով զիրենք միայն իմս ընելու իմ միամիտ մարմաջին:
Տարբե՛ր ես դուն, ու աննման է սէրը մեր՝ որուն մասին կ'ուզեմ հիմա, որ ամբողջ աշխարհը գիտնայ: Քեզ որքան սիրեն ուրիշներ՝ որքան բաշխուիս ամենուն, այնքան աւելի կը հարստանամ ես: Առանց քեզի, ըսէ, ինչպէ՞ս ապրիլ օտար սա ափերուն վրայ, մոլորած ու տարագիր, իմ անդիմադրելի կարօտէն, տանջանքէն հալածական:
*****
Այս գիշեր մոռցուած հին երգի մը փշրանքին հետ դարձեր ես տուն նորէն՝ զիս տանելու համար կրկին անցեալի երջանիկ, անփոյթ օրերուն, երբ հանդիպեցայ քեզի, ու դուն յայտնուեցար առաջին անգամ, հայկական համեստ ու փոքրիկ վարժարանի մը սեղաններուն առջեւ: Անծանօթներ չէինք իրարու, բայց կերպարանքդ ու ձայնդ աներեւակայելի ջերմութիւն մը, մտերմութիւն մը ունէին անշուք այդ յարկին տակ, ուր փլած պատերու վրայէն մեր սրբացած հերոսներուն փոշեծածկ, մագաղաթեայ նայուածքները հայութիւն կը ծորէին վար՝ մեր մանկական աչքերուն, հոգիին: Սիրուն էիր ու սիրելի, էիր այնքան հրապուրիչ, որ մեր հանդիպման առաջին իսկ վայրկեանէն ես գալիք օրերս անբաժանելիօրէն արդէն կապեր էի քեզի:
Աւելի ետք կեանքը շրջան մը բաժանեց իրարմէ, ու օտարութեան մէջ քեզ ի զուր փնտռեցի օրերով, ամիսներով, բայց մնացի հաւատարիմ իմ ուխտին, ուր որ գացի, եւ ուրախութեան մէջ, թէ ցաւի՝ երգեցի քեզ, քեզ միայն, դուն դաշն մեղեդի ու անկորնչելի երազ, կիրակմուտի բազմախորհուրդ «ծիրանի լոյս զուարթ», վճիտ՝ ինչպէս հասկերու ցօղի կաթիլն է առտուան, ու շէնշող՝ ճախրին նման գարնանային ծիծեռներուն լուսաթեւ:
Ամէն անգամ, որ քեզմէ հեռու մնամ այսպէս երկար ատեն, կը սոսկամ՝ մտածելով, թէ կրնաս օտարանալ հետզհետէ, թէ կրնանք օր մը ի վերջոյ ա՛լ դառնալ խորթ իրարու:
Երբ շուրջս ուրիշներ գինով են իրենց սէրերով, իմ առանձնութեան մէջ ես ինչպէ՞ս քեզ չկանչեմ կարօտով: Երբ սենեակիս մէջ ամէն իրի շրթունքին մտերմութեան ծարաւն է, որ կ'այրի, քեզ ինչպէ՞ս չյիշեմ ես: Երբ խօսիմ, ու մարդեր չհասկնան զիս, չհասկնան քեզ, ես ինչպ՞ս չդողամ քու մշակաբոյր բառերուդ, քաղցրահունչ ձայնիդ վրայ: Իսկ երբ պատմեմ քու անկրկնելի շնորհներէդ, ու մարդեր չուզեն հաւատալ ինծի, ես ինչպէ՞ս, ըսէ՛, ինչպէ՞ս չըմբոստանամ:
Քու ներկայութիւնդ բաւական է, որ մոռնամ աշխարհը ամբողջ ու գովերգեմ քեզ միայն.
քեզ՝ որ սիրոյ սիւք ես ու կանաչ կարօտի, հառաչ ալեւորի ու ճիչ մանկան.
քեզ՝ որ արեւածագին հետ արտերուն վրայ բացուող հորովել ես լուսաշաղախ ու դարաւոր ծառ ծիրանի.
քեզ՝ նայիրեան բարտիներու իրիկնային հսկում արարատեան, մեղեդի կապոյտ ու պայծառ երկինք բազմաստեղեան:
քեզ՝ իմ աննման, համբուրելի լեզո՜ւ մայրենի...
*****
  Քանի օր է քեզմէ հեռու եմ նորէն, ու շրթներուս վրայ բոյրը քու վերջին համբոյրին, տե՛ս, կարօտի կարմիր կրակ է դարձեր:

Վահրամ Մավեան





Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου