Κυριακή 13 Μαρτίου 2011

ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԸ

                                         



Հայաստանի հողը այն հողն է, այն հիանալի աշխարհն է, ուր եդեմական դրախտը տնկուած էր, ուր Աստուած՝ երբ բոլոր աշխարհը ջրհեղեղով կործանեց՝ հայոց սրբազան Մասիս սարը արժանի գտաւ որ կայան ըլլայ Նոյան տապանին, եւ հայոց երկրէն ելլելով՝ դարձեալ բազմանան մարդիկ, եւ ուրիշ երկիրներ երթան ու շէնցնեն: Այն սուրբ հողն է, ուր անպարտելին Հայկ՝արձակեց իր նիզակը ու իր նուիրական անունովը Հայաստան կոչեց:
Հայաստանի հողը այն սուրբ հողն է, ուր Բագրատունիներ, Ռուբինեաններ, իրենց հազար թշնամիներու ձեռքը անտէր մնացած հայրենիքը կրկին գերեզմանէն հանեցին նոր կեանք տալով անոր: Այն օրհնեալ հողն է, ուր Ասորիներ, Պարսիկներ, Հոներ, Ալաններ, Հռոմէայեցիներ, Օսմանցիներ եւ ուրիշներ ջրհեղեղի պէս վրան թափեցան, հարիւրաւոր ազգեր ու աշխարհներ ոտնակոխ ըրին, ջնջեցին, անհետացուցին, սուրի ու կրակի զոհ դարձուցին. լեռ չմնաց որ արիւն տեսած չըլլայ, եւ քար՝ որ տակը մարդ ծածկած չըլլայ, որ մեր դրացի հարիւր ազգեր այնպէս հողի հաւասարեցան եւ կորսուեցան՝ որ այսօր անոնց ո՛չ շունչը կայ, ո՛չ ալ անունը: Բայց հայոց սուրբ ազգը, անյաղթելի Հայկի որդիները, իրենց կեանքը, թագաւորութիւնը, մեծութիւնը, փառքը, իշխանութիւնը, զօրքը կորսնցնելէն յետոյ, երբ տեսան թէ չեն կրնար դիմադրել գազանային ազգերուն, աչքերնին երկինք բարձրացուցած, գլուխնին իրենց ծոցը ամփոփած՝ հազար սուրի տակէն ու հազար հրդեհի մէջէն անցան, եւ սիրտ սրտի տուած, հոգւով իրարու հետ միացած՝ մինչեւ այսօր ալ իրենց գլուխը, իրենց սուրբ հաւատքը, իրենց սուրբ օրէնքը այնպիսի արիութեամբ պահպանեցին՝ որուն նմանը աշխարհիս վրայ ո՛չ եղած է եւ ո՛չ ալ պիտի ըլլայ:
Նորէն ճիշդ վեց հազար տարիէ ի վեր հայոց խեղճ ազգը հեթանոսի, կռապաշտի, այլազգիներու եւ անօրէններու ձեռքին մէջ կը բանար աչքերը, անոնց հետ կ՛ապրէր ու շատ անգամ անոնցմէ շատերը իր ոտքին տակ կ՛առնէր..: Բայց կարո՞ղ է վարդը ծովուն մէջ ուռճանալ, կարո՞ղ է մանուշակը կրակին առջեւ դիմանալ, կարո՞ղ է ցորենի կակուղ հասկը՝ կայծակին ու կարկուտին տակ տոկալ, ինչպէս մեր ազգը իր թշնամիին համբերած ու դիմադրած է:
Հայո՜ց ազգ, հայո՜ց ազգ, ձեր հոգւոյն մեռնիմ. հայո՜ց ազգ, հայրենի՜ աշխարհ, ի՞նչ կաթ ծծեցիք՝ որ այս հոգին ունեցաք, որ այս սիրտը ձեր մէջը բաբախեց եւ այս հրաշքը ցոյց տուիք աշխարհի: Ի՜նչ քարացած սիրտ պէտք է ըլլայ այն՝ որ ձեզ չսիրէ, ձեր փառքը չգովէ: Դուք հա՛յ մանուկներ, պինդ բռնեցէք զիրար, պաշտեցէք ձեր հողն ու ազգը. ես մատաղ ձեր հոգւոյն, մի՛ թողուք որ այս կարօտս հետս գերեզման տանիմ եւ հողին մէջ մարմինս քրքրուի, հոգիս տանջուի երկնքի մէջ՝ երբ իմանամ թէ ձեր սէրը պակսած է եւ ձեր բարեկամութիւնը պաղած:

                                                                                               Խաչատուր  Աբովեան

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου