Քեզ, Հայ Լեզո՛ւ, կը սիրեմ մըրգաստանի մը նըման...
Մեր Անցեալին թանձրախիտ ստուերներուն մէջ կարծես
Մէյ մէկ պըտուղ՝ քու բոլոր բառերդ ինծի կ՚երեւան,
Որոնց մէջէն կը քալեմ ու կը քաղե՜մ զանոնք ես...:
Մրգաստանի մը նըման կը սիրեմ քեզ, Հայ Լեզո՛ւ...
Մեր հայրենի պալատէն, պարտէզներէն մընացորդ՝
Դալարագեղ դուն պուրա՜կ, որ դիմացար դարերու
Եւ կը մընաս միշտ առոյգ, հին աւիշով կենսայորդ...:
Ծառերուդ մէջ հովանուտ կ՚երթամ խինդով մ՚անսահման,Արմատներուդ, ճիւղերուդ վրայ նայելով հիացիկ,Զարմանալով թէ ի՛նչպէս դուն մընացիր՝ երբ սաստիկՔամին քու շուրջըդ փըչեց եւ տապալեց ամէն բան...:Մէյ մէկ պըտուղ գոյնըզգոյն՝ բոլոր բառե՛րըդ ահա,
Հիւթե՜ղ բառերըդ՝ զոր որքա՜ն հասունցուցին արեւներ,
Բառե՛րըդ որքան այս պահուս շըրթանցըս վրայ եմ բռներ,
Բառերըդ որ քիմքըս կ՚օծեն եւ կ՚սփոփե՜ն սիրտս հիմա...:
Վահան Թէքէեան
Σάββατο 12 Μαρτίου 2011
ՏԱՂ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻՆ
Εγγραφή σε:
Σχόλια ανάρτησης (Atom)
Δεν υπάρχουν σχόλια:
Δημοσίευση σχολίου