Παρασκευή 4 Μαρτίου 2011

ԼԵԶՈՒՆ

Ա՜խ, լեզու՜ն, լեզու՜ն. լեզուն որ չըլլայ,մարդ ի՞նչ բանի կը նմանի: Ազգ պահողը, իրարու միացնողը լեզուն ու հաւատքն են: Լեզու՛դ փոխէ, հաւա՛տքդ ուրացիր, ալ ինչ՞ով կրնաս ըսել թէ ո՛ր ազգէն ես: Ի՛նչ քաղցր, պատուական կերակուր ալ տաս երեխային, մօր կաթը անոր համար շաքարէն ալ անուշ է, մեղրէն ալ: Մօր կաթը եթէ ծախենք, առնող չ՛ըլլար:Եթէ հանենք մեր աչքը եւ ուրիշին տանք, ուրիշը կարելի՞ է դնել տեղը: Մեր օրօրոցին վրայ մեր լեզուով մեզի «նանիկ» ըսին. ասիկա մեր միտքը պէտք չէ՞ իյնայ: Ըսենք թէ նոր ապրանք շատ ես գներ, հինը մէկդի՞ պէտք է նետել: Վայրենի ազգերն իսկ իրենց լեզուն աշխարհի հետ չեն փոխեր...
Մարդ կայ, որ տասը-տասնհինգ լեզու գիտէ, բայց իր լեզուն միշտ ամենէն լաւը կը նկատէ. իր ազգակիցին հետ խօսելու ատեն ամօթ կը համարէ իր միտքը ուրիշ լեզուով արտայայտելը կամ խօսակցութեան մէջ օտար բառ խառնելը: Քու սիրական խաշիդ հետ ձուկ, շաքար, չիր ու չամիչ խառնէ եւ տե՛ս թէ ի՛նչ համ կ՛ունենայ:
Աչքի՛ս լոյսը, գիտուն եւ լուսաւորեալ մարդը ա՛ն է, որ իւրաքանչիւր լեզու յստակ կը խօսի: Եթէ քու լեզուդ յստակ խօսիս, վնաս կ՛ունենաս...: Կը կարծես թէ խելքդ ձեռքէ՞դ պիտի առնեն, թէ սորված իմաստութիւնդ ջուրը կը թափի: Ֆրանսացին, Գերմանացին, Անգլիացին եթէ կը սիրեն ու կը գովեն լեզուդ, ուրեմն քանի՞ պատիկ դուն ալ սիրելու ու գովելու ես զայն:
Քեզմէ չեմ նեղուիր, աչքի՛ լոյս: Մեր բախտէն՝ ժամանակն այնպէս էր ծուռ դարեր մինչեւ հիմա որ մարդ իր գլու՛խը չէր կրնար պահել. ինչպէ՞ս պիտի կարենար լեզուին հոգ տանիլ: Բայց հետզհետէ կարելի պիտի ըլլայ, երբոր ազգը ուսում առնէ...
Ձեզի կ՛ըսեմ, Հայոց նորահա՛ս երիտարդներ, ձեր անունին մեռնիմ, ձեր արեւին ղուրպան. տասը լեզու սորվեցէք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը ամու՛ր պահեցէք: Լեզու մը ի՞նչ է որ մարդ չկարենայ սորվիլ: Ըսէ՛ք, չէ՞ք ուզեր դուք ալ գիրքեր գրել, ազգին մէջ անուն ձգել. չէ՞ք ուզեր որ ձեր գիրքերն ալ օտար ազգեր թարգմանեն,ձեր անունը յաւիտեան անմահ մնայ: Որքան ալ ֆրանսերէն ու գերմաներէն գիտնանք՝ մենք չենք կրնար այնպէս բան մը գրել, որ համբաւի հասնի, որովհետեւ անոնց միտքը, անոնց սիրտը տարբեր է, մերը՝ տարբեր: Յետոյ, անոնց մէջ այնքան գրողներ կան որ ո՛չ թիւ կայ, ո՛չ հաշիւ: Ըսէ՛ք, ձեր սիրտը չուզէ՞ր որ դուք ալ ոտանաւոր գրէք, ձեր միտքը, ձեր խորհուրդը յայտնէք, որ օտարներ իմանան թէ մեր մէջն ալ երեւելի գրողներ եղած են, կարդան եւ աւելի սիրեն մեր լեզուն:

                                                                                               Խաչատուր  Աբովեան

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου