Τετάρτη 11 Ιανουαρίου 2012

ԵՐՆԷ՜Կ, ՋՈ՜ՒՐ




Ո՜վ պիտի երգէ քու անփառունակ
Կեանքիդ միամիտ տաղը, մատա՜ղ ջուր,
Որ լո՜յծ դայլայլի մը պէս շարունակ
Կը փրփրիս, կ'երթաս դաշտերուն մէջ ուր՝
Դարե՜ր դարերով ե՜րգդ է գոհունակ:

Ո՜վ պիտի պատմէ վազքերդ մշտոլոր՝
Վայրի վարդերու երազանքն ի վար.
Ո՜վ պիտի ցոյց տայ փրփուրներուդ խօլ
Հեւ ի հեւ կեանքիդ իղձերն հոգեվար,
Վէտ-վէտ սէզերու շոյանքն ալ բոլոր:

Լուռ անրջանքի պահուն ցայգային,
Ո՜վ պիտի պատմէ խիճերուդ լեզուն,
Ու հեքիաթունակ սէրն ուռենիին,
Երբ մութ գիշերով իրեն ազազուն
Ոստերը, փախչող հոգւոյդ կը հայի՜ն...

Միամի՜տ վտա՛կ, դարերէ ի դար
Դուն մամռոտ ճամբէդ կ'երթաս անմոլոր.
Ու երբ կը մեռնին շուրջդ անմխիթար՝
Գարնայնի գոյն-գոյն ծաղիկներդ բոլոր,
Երկու քարի մէջ կ'երգես անդադար:

Երնէ՜կ քեզ, վտա՛կ, մեռնիլ չունիս դուն.
Արցունքէ մարմինդ կը վարես անվերջ,
Գիշերներու մէջ միայնակ, արթուն,
Անսկի՜զբն, անվե՜րջ, վտիտ փոսիդ մէջ
Կ'երգես, երնէ՜կ, ջո՛ւր, վախճան չունիս դուն...

Ու երբ այս տողերն մրոտող նիհար
Ձեռքէն օր մը լոկ պուտ մը հող ապրի,
Ուրիշ քերթող մ' ալ՝ ինծի չափ յիմար՝
Պիտի գայ հարկաւ երգերըդ վայրի,
Հանգի, չափի տակ առնելու համար:

Մինչ յաւերժօրէն կեանքո՛տ, զուարթո՜ւն,
Պիտի կարկաչէ քու ջուրըդ յարաշարժ՝
Հեգնելով արուեստն ու կեանքը մարդուն...
Ո՜վ անմահութեան ըստուեր գետնաքարշ.
Վտա՛կ, երնէ՜կ քեզ, մեռնիլ չունիս դուն:


Ռուբէն Սեւակ

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου