Πέμπτη 12 Ιανουαρίου 2012

ՃԱՐԱԿՈՒՄ





Բըլուրին գաղջ կողին վըրայ ընկողմանած
Սըրինգ կ'ածեմ.
Եզներըս լայն հովիտին մէջ, սըրտի երգով,
Ես կ'արածեմ:

Լուսնակն իջած է մանգաղուած լուռ արտերուն
Մակերեսին.
Կը ծաւալէ խոզաններուն մէջէն հեզիկ
Կաթը լոյսին:

Ջինջ գիշեր է: -Երգս անհունէ անհուն, խաղաղ,
Կը ծըփծըփայ.
Եւ սըրինգս, հովերուն հետ, իր ծակերէն
Ծաղե՜ր կու լայ:

Հեռո՜ւն կը լսեմ բոժոժներն իմ նախիրներուս,
Որոնք կ'արծին
Ցորեաններուն ծիղն՝ ոռոգուած մեղրերուն մէջ
Ծիր-Կաթինին:

Կը լըսեմ մուշ-մուշ ճարակումն առուեզերքի
Թուփերուն մէջ,
Ուր մոզին իր դունչը մըխած՝ կը բըզըքտէ
Խոլորձը գէջ:

Ցուլերն ամէն, գլուխնին կախ, կարծես դիւթուած
Ինձ կ'երեւան.
Գոմէշներուն բիբերն ահեղ՝ աստղերուն տակ
Մերթ կը շողան:

Կ'ընէ միջատ մը, շուրջն անոնց ճաճանչաթիռ
Միշտ ելեւէջ:
Ճերմակ եզը, կարծես կուռք մ' է, ձուլուած լուսնին
Արծաթին մէջ:

Կը ճարակի՜ն, հովուն տըւած թաւ պոչերնին.
Եւ կը խըմեն
Իրեն մազոտ ու փափախուն ականջներով
Սըրնգիս ակէն:

Կը ճարակի՜ն, բութ ակռաներն իրենց մինչեւ
Կանանչանան,
Եւ որովայնն անպարագիծ լեցուի՛, լեցուի՛
Մարագի նման:

Եւ ատեն ա՛լ դաշտերուն մէջ կը մակաղին
Մեծազանգուած,
Մէկը միւսին կըռնակին վրայ, որոճալով,
Դունչը դըրած:

Մինչեւ որ ա՛լ Արփին ծագի, լոյսն արտին վրայ
Իջնէ սարէն,
Եւ ժողուէ ցօղն, յակինթ յակինթ, անոնց խոնաւ
Եղջիւրներէն:


Դանիէլ Վարուժան 

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου