Τετάρτη 25 Ιανουαρίου 2012

ԱՌԱՋԻՆ ԵԼՔ




Չարիքի աշխարհը ուռեցք է եւ ահաւոր աղմուկ,
Լռութիւնը կը սպառէ զիս, այսօրուան լռութիւնը:

Ան զիս կը զետեղէ թափանցիկ սահմաններու մէջ՝
Իր անտես մատներով որոնք առկախ կը մնան:

Եւ ես կը քալեմ ամբողջովին փակուած թափանցկութեանս մէջ,
Աշխարհը կը թարմանայ լռութեան բարձր ցուցափեղկին մէջ:

Ցուցափեղկ՝ ուր կը յօրանջէ հաստ բուրդէ շրջազգեստը անկնճիռ,
Ուր ամէն ապաքինող կը կրէ պարապ թեզանիքներ երկար:

Ուստի տառապանքը կը լքէ զիս լոկ թթխմորովն իր,
Քաշուած ալիքները կը թողուն երկիրը կարիքի մէջ:

Կը տեսնեմ ծառերը, մուտքի դուռը. կը տեսնեմ երկինքը,
Որ սքանչացում է տատանող մարմնի մը համար:

Ինչ որ կը ներշնչուի, կը ներշնչէ զիս ուժգնօրէն,
Կը զգամ ապակեայ լեզուն հիւսուած թարմութեամբ:

Այն մէկը՝ որ կը բռնադատէ զիս կրելու իր օրէնքը՝
Քաշքշելու հետս դատապարտեալի վանդակաճաղս:

Մինչդեռ մուտքի դուռը հո՛ն է, ուր կը ծփայ ստուերը կանաչ,
Հոն ուր աշխարհը կը յիշէ, հո՛ն ուր ինծի ցաւ կը պատճառէ:

Յիշելով կեանքը, որ կ'անցնի, արցունքներով կամ առանց.
Աշխարհը կը յիշէ թէ ինք, նախ եւ առաջ, անցո՛րդ մըն է:



Շահան Շահնուր


Ֆրանսերէնէ թարգմանեց՝ Սարգիս Վահագն 

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου