Πέμπτη 12 Ιανουαρίου 2012

ԱՐՏՔԱՂ




Գիւղական բազմութիւնը հեռաւոր արտերն է փոխադրուած: Տուներու հսկողութիւնը պառաւներու է յանձնուած, եւ հնձուորները, այր ու կին, տղայ ու պզտիկ, իրենց անկողիններով, երախաներով ու օրօրոցներով արտերուն մէջ կը գիշերեն, արտերուն մէջ կը լուսցնեն:

Այդպէս է արտքաղը: Գիւղ երթալ-գալ չ'ըլլար, ամբողջ տարուան մը յոյսը տուն փոխադրել է հարկաւոր: Արտերը մանգաղ կ'ուզեն, քաղ կ'ուզեն, գիշեր ցերեկ պէտք է իրար խառնել, արտերուն մէջ պառկիլ՝ քաղը արագ վերջացնելու համար: Ու գիւղերը կը պարպուին՝ տուները կ'ամայանան, եւ գիւղական աշխատանքն ու ոգեւորութիւնը սարերու արտերը կը փոխադրուին:

Բոլորի կարգին այդպէս է նաեւ մեր տունը: Մենք ալ սարերու արտերն ենք փոխադրուեր: Ինչպէս բոլորը, մենք ալ մեր հարեւան երեք տուներուն հետ ենք միացեր: Հին օրերէ մնացած սովորութիւն էր գիւղին մէջ արտերը միասնաբար հնձելը: Եւ մենք երեք շաբաթ է որ կը քաղենք անընդհատ ու դեռ քաղին կէսին իսկ հասած չենք:

Առատ է ա՛յս տարի բերքը: Երից Աղբիւրի բարձունքէն ցած կ'իջնես ու կը դառնաս միւս կողմը: Նայելու ես տեսարանը, որ կը յայտնուի աչքիդ առջեւ: Թեթեւօրէն զառիվար, ցածը իջնող լեռնադաշտը անտեսանելի հեռաւորութիւններու մէջ կը կորսուի, ոսկիի դեղնաւուն կարմրութիւն մը կը շողայ համակ տարածութեան վրայ, եւ անհամբեր, անհաշուելի արտերուն մէջ ցորենի հասկերը կը խայտան, կը ծփծփան:

Տասնեօթը հոգի ենք մանգաղ շարժող, տասնեօթը հոգի ենք հնձողներս, վեցը՝ այր, տասնմէկը՝ հարս ու աղջիկ, ու դեռ արտերուն մեծագոյն մասը կը մնայ քաղելու: Եւ տեսնելու էք, թէ ի՛նչպէս արտը կը քաղենք: Ատիկա սովորական քաղ չէ: Երբ մենք տասնեօթը հնձողներս կը շարուինք մէկ գծի վրայ, այն ատեն մանգաղները աներեւակայելի արագութեամբ կը տարուբերենք. հասկերը կը կտրուին, կը հնձուին, խուրձերը քով քովի, գիրկ գրկի կ'իյնան մեր ետեւը, եւ մենք կը յառաջանանք միշտ հակած, միշտ հնձելով, ու հունձքը տեղի կու տայ, կը փախի, կը հատնի մեր առջեւէն:

Մեր սրտերը կը խայտան, զուարթ ու շէն են, մեր մարմինները թեթեւ են ու արագաշարժ, եւ մենք միշտ մանգաղները կը շարժենք, ու քրտինքի կաթիլները, գարնանային արծաթագոյն վճիտ ցօղերու պէս, կը շարուին մեր ճակատներուն վրայ:

Այս գիշեր Օհանջանենց կնքահաայր Գալուստին արտն է որ պիտի հնձենք: Ջրկորուստի լերան գագաթին մօտն ենք: Ընդարձակ արտ է, սարալանջին վրայ տարածուած: Առատ, գեղեցիկ հունձք կայ, եւ վերջալուսային ճառագայթներուն ներքեւ ոսկիի զմայելի գոյնով մը կը կը շողայ արտը: Ա՜հ,, տեսնելու էք թէ ի՛նչպէս ան կը խնդայ մեր երեսին: Արտերն ալ իսկ եւ իսկ խնդալ գիտեն... Մեղմ հովի մը գգուանքին տակ ծովացած հունձքը ալիք ալիք կը ծփծփայ, անհամար-հազար հասկերը կը քսուին իրարու, կը խայտան, եւ յորդացող հունձքը ոսկեգոյն կը ժպտի մեր դէմքին:

Աստղերու լոյսով քիչ մը տեղ կը հնձենք, եւ որովհետեւ մութը իջած է, գիշեր է, կը դադրեցնենք աշխատանքը: Հարսները մեզի համար անկողիններ կը պատրաստեն, որպէսզի պառկինք, եւ իրենք ալ արտին ծայրը խուրձեր կը շարեն ու կը պառկին ետեւը:

Յոգնած են բոլորն ալ, եւ շուտով կը քնանան: Կը դադրի ամէն ձայն ու շարժում:


Յակոբ Մնձուրի 

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου