Τετάρτη 11 Ιανουαρίου 2012

ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՍ






Ա

Եւ մաքրաթեւ երազիս հետ մինակ էի հովիտներուն մէջ հայրենի,
Քայլերս էին թեթեւ, ինչպէս քայլերը խարտիշագեղ եղնիկին,
Եւ զուարթութեամբ կը վազէի, կապոյտէն եւ օրերէն բոլորովին գինով,
Աչքերս ոսկիով ու յոյսով՝ եւ հոգիս աստուածներով լեցցուն...

Բ

Եւ ահա բարեբեր Ամառն իր պտուղները զամբիւղ առ զամբիւղ,
Մեր պարտէզին ծառերէն դէպի հողը եւ դէպի զիս կ'ընծայէր,
Եւ ես լռութեամբ՝ գեղուղէշ ուռիին ներդաշնակ հասակէն,
Երգերս ստեղծելու համար խորհրդաւոր սրինգիս ճիւղը կը կտրէի:

Գ

Կ'երգէի... ադամանդեայ ածուակն ու թռչուններն հայրենագեղ,
Աստուածային աղբիւրներուն յստակահոս մեղեդիներն անդադրում,
Եւ առաւօտեան զեփիւռը, քրոջական գորովներու այնքան նման,-
Այս բոլորը իմ երջանիկ երգերուս թոթովումիոն կը ձայնակցէին...

Դ

Այս գիշեր երազիս մէջ, ձեռքս առի զքեզ, ո՜վ քաղցրախօս Սրինգ,
Շրթունքներս զքեզ ճանչցան՝ ինչպէս համբոյր մը հին օրերու,
Բայց շունչս՝ յիշատակներու զարթնումէն, յանկարծօրէն մեռաւ,
Եւ երգիս տեղ՝ շիփ առ շիթ, շիթ առ շիթ, արցունքներս էին որ ինկան վար...


Սիամանթօ

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου