Σάββατο 7 Μαΐου 2011

ՀԻՒՂԸ






Դաշտի ճամբու մը վըրան,
Կամ ստորոտը լերան,
Ուղեւորին ժամանման
Ըսպասող հիւղն ըլլայի:
Ու գգուանքիս կանչէի
Ես ճամբորդներն անժաման,
Ու ճամբուն վրայ մենաւոր,
Ու ճամբուն վրայ ոսկեման,
Եկուորներուն դիմաւոր՝
Ծխանիս ծուխն ամպէի:

Ու գրգանքիս կանչէի
Ուղեւորներ պարտասուն,
Ու բարեւի մը փոխան
Հազար բարիք ես տայի:
Հազար բարիք ես տայի,
Գոլը կրակին ճարճատուն,
Կութքը բերրի դաշտերուն,
Բոլոր միրգերն աշունի
Ու մեղր, ու կաթ, ու գինի:

Ու լըսէի ես ցայգուն,
Քովը կրակին ճարճատուն՝
Երգն իրիկուան եկուորին.
Ու ջամբէի ես ցայգուն
Երազներով պատարուն
Նինջ՝ իրիկուան եկուորին:
Ու լըսէի ես այգուն,
Սրտապատար ու տրոփուն

Գովքն իրիկուան եկուորին.
Ու դիտէի ես այգուն,
Ու խոկայի օրն ի բուն
Երթն իրիկուան եկուորին...:

Ու ձըմեռներն ալ համբուն,
Հըրաւիրակ զըւարթուն,
Կանգնէի քովը ճամբուն.
Ու ձիւնապատ հէք մարդուն
Ես հայրօրէն, լայնաբաց
Երկու թեւըս պարզէի.
Մի՜շտ քաղցրագին, նիւթացած
Հըրաւէ՜րն ես ըլլայի:

Ա՜հ, ըլլայի՜, ըլլայի՜,
Դաշտի ճամբու մը վըրան,
Կամ ստորոտը լերան,
Ուղեւորին ժամանման
Ըսպասող հի՛ւղն ըլլայի:


Միսաք Մեծարենց

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου