Παρασκευή 6 Μαΐου 2011

ՀՈՎԸ


Ալիքներուն վրայ ոստոստող հովն ըլլայի,
Ու ջուրերուն խուլ մըռունջին մէջ ամայի՝
Ձկնորսներու ականջն ի վար փըսփըսայի
Սիրուած երգեր, քաղցրութիւնով օծուն բառեր:

Հովն ըլլայի կատարներուն վրայ պարանցիկ,
Ու ձիւնին մէջ սառող մարդուն համար լայի.
Հովն ըլլայի՝ հողվըրտիքին մէջ երգեցիկ՝
Ու ծըծէի տակաւ գաղտնիքն ես Անդիի:

Ձմեռներուն ես ամպավար հովն ըլլայի,
Եւ անճըրագ խուղերու ճիչն յորձքիս ձուլած,
Անցորդներու հոգւոյն վըրայ փշրըւէի
Իբրեւ ալիք: Ու տանէի հոն կոծն ու լաց

Տըղաբերին, որ հողին վրայ կը գալարի
Եւ անսըւաղ մանուկներուն, ու գրկաբաց
Մատաղատի, որդեկորոյս մօրն ալ՝ որուն
Տարիքին բոցն հոգւոյն մուխին մէջ կը մարի...


Միսաք Մեծարենց

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου