Ա
Շատ ուշ լեզու ելաւ Փանջունի, բայց անգամ մը խօսիլ սկսելէ ետք, ա՛լ չգոցեց բերանը: Քանի կը մեծնար, այնքան կ'աճէր իր խօսելու կատաղութիւնը, այն աստիճան, որ խեղճ հայրը ստիպուեցաւ բժիշկի մը դիմել՝ այդ անսովոր երեւոյթին դարման մը գտնելու համար:
Բժիշկը քննեց տղան, նայեցաւ լեզուին, կոկորդին եւ աչքերուն: Ապա վճռաբար ըսաւ հայրիկին.
- Ճար չկայ, այս տղան պիտի խօսի միշտ:
- Բայց ա՛լ դիմացուելիք բան չէ տունին մէջ:
- Բամպակ թխեցէք ականջնուդ, ա՛յս է միակ միջոցը,- պատասխանեց բժիշկը:
Ու փոքրիկ Փանջունին կը խօսէ՜ր, կը խօսէ՜ր... Բայց յաճախ սխալ կը գործածէր բառերը: Օր մը կ'առնէ սեղանին վրայ դրուած արժէքաւոր անօթ մը ու գետին նետելով ջարդուփշուր կ'ընէ զայն: Հայրը, իրիկունը գործէ վերադարձին, կը տեսնէ եղածը, կը կանչէ տղան, ցոյց կու տայ կտորուանքները եւ կը գոչէ.
- Ծօ, ի՞նչ ըրեր ես անօթը:
- Շինեցի՛, հայրի՛կ,- կը պատասխանէ փոքրիկ Փանջունին:
Հայրը ի զուր երկար-բարակ կը բացատրէ թէ երբ առարկայ մը գետին նետելով կտոր-կտոր կ'ընենք, այդ գործողութիւնը չի բացատրուիր «շինել» բայով, այլ «կոտրել» բայով: Անկարելի եղաւ բառագիտական այդ նրբութիւնը հասկցնել Փանջունիին, որ շարունակեց կոտրել տունի մէջ գտնուած գաւաթները, պնակները, շիշերը եւ ամէն անգամ որ «ի՞նչ կ'ընես» ըսելով կը յանդիմանէին զինք, անխռով կը պատասխանէր.
- Կը շինե՛մ:
Բ
Դպրոցին մէջ Փանջունի ժամանակ կ'անցնէր վիճելով ու ճառ խօսելով, իսկ չէր հետեւէր դասերուն, չհաւնելով կամ դասատուն, կամ դասագիրքը, կամ դասարանը եւ կամ՝ տետրակն ու ծայրը:
Օր մը թուաբանութեան խնդրի մասին վէճ ունեցաւ իր դասընկերներէն մէկուն հետ:
- Հինգ անգամ հինգ քսանհինգ կ'ընէ,- կ'ըսէր ընկերը, որ հարուստ վաշխառու մը եղաւ յետոյ:
- Չէ՛,- կը յամառէր Փաանջունի,- հինգ անգամ հինգ՝ յիսուն կ'ընէ:
- Միւսը տեսաւ որ դժուար է խօսք հասկցնել Փանջունիին, չուզեց պատճառ ըլլալ անօգուտ կռիւի մը ու պատասխանեց հաշտարար ոգիով:
- Լա՛ւ, ես թող այնպէս գիտնամ թէ քսանհինգ կ'ընէ- ա՛լ չխօսինք այդ մասին եւ երթանք ու գնդակ խաղանք միասին:
- Չ'ըլլար,- պնդեց Փանջունի:- Պէտք է որ նախ համոզուիս թէ հինգ անգամ հինգ յիսուն կ'ընէ:

- Այդ անկարելի է:
- Անպատճառ պէտք է որ համոզեմ քեզ.- շարունակեց Փանջունի բողոքելով:
- Երբեք չեմ կրնար համոզուիլ, եւ դուն ալ երբեք չես կրնար ապացուցանել ըսածդ,- պատասխանեց հակառակորդը:
- Չեմ կրնար ապացուցանե՜լ, չեմ կրնար ապացուցանե՜լ,- մռնչեց Փանջունի:- Առ քեզի համոզիչ ապացոյց մը:
Եւ գետինէն քար մը առնելով իջեցուց ընկերոջ գլուխին: Գլուխը վիրաւորուեցաւ թեթեւապէս եւ տղան բողոքեց ուսուցիչին: Ուսուցիչը իսկոյն կանչեց Փանջունին եւ գոռաց:
- Ինչո՞ւ, պատռեցիր ընկերոջդ գլուխը:
- Զինք համոզելու համար:
Հայրը տեսնելով իր զաւկին այս տարօրինակ ընթացքը, յաճախ կը պոռար՝ ակռաները կճռտելով.
- Փորձա՜նք պիտի ըլլաս, փորձա՜նք...
Երուանդ Օտեան
Δεν υπάρχουν σχόλια:
Δημοσίευση σχολίου