Παρασκευή 14 Σεπτεμβρίου 2012

ԿՈՏՐԵԼԷՆ ԵՏՔԸ





Հարկաւ ազնիւ յախճապակի էր այս սուրճի սկահակը իր պզտիկ պնակին մէջ, երբոր նուէր բերին ինծի օր մը:

Տուողը, բարեկամներէս մէկը, որուն պզտիկ ծառայութիւն մը մատուցեր էի, ըսաւ թէ չնչին բան մըն էր տուածը:

Ասիկա զատեր էր, որպէսզի սուրճը անոր մէջէն խմեմ եւ միշտ յիշեմ զինք այս առթիւ:

Պարզ զարդի համար տեղ մը դրինք: Քանի մը օր վերջը հոս ու հոն նետուեր էր. անգամ մը պզտիկ զաւկիս ձեռքը տեսայ. հետը կը խաղար ու ժամանակ կ'անցընէր: Օրին մէկն ալ ձեռքէն վար ինկաւ, հազար կտոր եղաւ:

Անցած օր անոր պզտիկ պնակը ձեռքս անցաւ. սրտի նեղութեան մէկ վայրկեանիս, նուրբ գծագրութիւններն ու գունագեղ կիտուածները կը զննէի: Ստուգիւ գեղեցիկ արուեստի մը հրաշակերտ էր: Յանկարծ, իրարու ՝փաթթուած երկու տառեր նշմարեցի՝ վրան արքայական զինանշանով: Ճիշդ դիմացի կողմը շրջանակին՝ միեւնոյն զինանշանը ու միեւնոյն սկզբնատառերը:

Այս տառերը ֆրանսերէն Լ եւ Ֆ տառերն էին. եւ ահա լոյսը ծագեցաւ միտքիս մէջ: Լուի Ֆիլիփի կը վերաբէր այդ սուրճի սկահակը իր պնակով:

Ա՛լ տարակոյս չկար, Ֆրանսիայի թագաւորինն էր անիկա. զարդարուն ու նրբակերտ շինուածքը բաւելու էր արդէն մէկ նայուածքով ճշդելու թէ ան սովորական մահկանացուի յատուկ բան մը չէր կրնար ըլլալ:

Եւ հիմա որ կտրած, փշրուած էր այդ խեղճ սկահակը, որուն արժէքը չէի կրցած ըմբռնել, երբոր տարիներ մնացեր էր քովս, ձեռքիս տակ, հիմա որքան կը զղջայի ըրածիս վրայ, որչափ կը կշտամբէի ինքզինքս՝ քիչ մը հոգ եւ ուշադրութիւն չտանելուս համար թանկագին բան մը հասկնալու եւ պահպանելու:

Բարեկամութիւններն ալ ատանկ են շատ անգամ. ամենադոյզն արժէք մը չենք տար այն սրտերուն, որոնք յօժար ու լուռ հաւատարմութեամբ մը մեզի կը սպասեն, եւ հարկ է որ այդ սրտերը խորտակուին, որպէսզի կորուստին մեծութիւնը կարենանք զգալ ու չափել:

Այսպէս պատահեցաւ իմ սուրճի սկահակիս համար ալ: Ճանչցայ... կոտրելէն ետքը:



Գրիգոր Զօհրապ

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου