Կապոյտն ի վեր խորասոյզ
Սա մեծ նոճին կը նիրհէ.
Զինք խըռովող ո՛չ մէկ յոյզ
Կ'ընդունի ան աշխարհէ:
Ու մենաւոր ու խոհուն՝
Կը զգայ զեփիւռն հազիւ թէ.
Գիշերներուն մէջ անհուն
Երբեմն յանկարծ կ'աղօթէ:
Ու կը նիրհէ՜, կը նիրհէ՜...
Մինչեւ որ մութ հեռուէն
Շանթ մ' հորիզոնն հըրդեհէ:
Ահ, մեծ նոճին, այն ատեն,
Փոթորիկին տակ գալարուն:
Կ'երգէ իր Ցա՜ւն անանուն...
Մատթէոս Զարիֆեան
Δεν υπάρχουν σχόλια:
Δημοσίευση σχολίου