Չսիրուելով սիրելէ
Յոգնած, յոգնած եմ հիմա.
Գիտեմ թէ ձեր գործը չէ,
Բայց պէտք է Իրը ըլլայ:
Կը գանգատիմ Աստուծոյ
Ծարաւ, չորցած բերանով՝
Որ այս սրտին հնածոյ
Չցուցուց պուտ մը գորով:
Անով իմ կեանքըս ծաղկեր
Պիտի աղուոր ծառ մ' իբրեւ
Ու պիտի տար վառ միրգեր...
Մինչ անպըտուղ, անտերեւ՝
Կը նմանիմ ես այսօր
Ցանկապատին փայտին չոր...
Վահան Թէքէեան
Δεν υπάρχουν σχόλια:
Δημοσίευση σχολίου