Πέμπτη 28 Απριλίου 2011

ԿԱՐՕՏԻ ԵՐԳ


Աղուո՜ր գիշեր, լուսի՜ն գիշեր,
Լելակներուս բոյրը ծոցիդ,
Հոգիս քեզ շատ է կարօտցեր:

Այծտերեւներն համբոյրիդ տակ
Լարերու պէս կը դողային,
Նուագ մըն էր մրմունջն յստակ

Մամուռ պատած աւազանին՝
Առիւծներու բերնէն վազող,
Արդեօք ա՞ն ալ ցամքեցուցին:

Լուսի՜ն գիշեր, աղուո՜ր գիշեր,
Այն անկիւնին կ'երթա՞ս լոյս տալ,
Ուր հոյաբերձ աքասիաներ

Նստարանին վրայ թաքուն
Կը թափէին անուշ անձրեւն
Իրենց ճերմակ ծաղիկներուն:

Ըսէ՜, գիշե՜ր, աղուո՜ր գիշեր,
Դուն կ'որոնե՞ս երբեմն հոգիս
Ածուներուն մօտ տարուբեր:

Բիւրեղ շիթեր կը ծորե՞ս հոն
Ծարուած վարդին ծոցն հոլանի
Զոր խանձած է տաք երեկոն:

Եկո՛ւր, ա՛ռ զիս շունչիդ վրայ,
Տա՛ր հեռաւոր պարտէզիս մէջ,
Յօղըդ արցունքըս թող ըլլայ:

...Լուսի՜ն գիշեր, անգո՛ւթ գիշեր,
Հոն կան դահիճ կերպարանքներ,
Կուրցո՛ւր աչքերս...


Եւփիմէ Աւետիսեան
(Անայիս)

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου