Δευτέρα 18 Απριλίου 2011

ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԸ








Անակնկալ կերպով, Քեմալ Աթաթիւրք խորհրդակցութեան կը հրաւիրէ իր նախարարները, առաւօտ մը մութնուլուսուն,, եւ անոնց առջեւ կ'արտասանէ հետեւեալ ճառը, զոր ես կ'ամփոփեմ.

-Ինչո՞ւ համար հայերը այսքան հայրենասէր են: Ինչո՞ւ համար՝ կ'ըսեմ ձեզի: Խռոված էի գիշերը եւ մտահոգ: Հայոց հայրենասիրութիւնը արտակարգ կը թուի ինծի. ինծի կը թուի աննախընթաց եւ անմարդկային: Չէ՛, կարելի չէ՛ սովորական բացատրութիւն մը տալ իրենց այդ զգացումին: Հայոց կրած վերջնական պարտութենէն ետք, պէտք է գտնուի ուրի՜շ պատճառ մը, որ դեռ զօրութիւնն ունի զգացում մը այս համեմատութեամբ մեծցնելու: Ո՞րն է այդ պատճառը: Պէտք է գիտնանք զայն եւ գործենք ըստ այնմ:

Խորհրդակցութիւնը կը կատարուի, կը տրուին որոշումներ, կ'արձանագրուին հրամաններ- ծածկագիր եւ պաշտօնական: Թէեւ թուրքերուն երկարատեւ պրպտումները ապարդիւն կը մնան, բայց հարցը կը յաջողի լուծել Տոթք. Զիպերման, Անգարայի բժշկական համալսարանի մարդակազմութեան դասախօսը:

Գերման փրոֆեսորը երբ կ'առաջնորդուի Չանքայա եւ դէմ առ դէմ կու գայ Քեմալի հետ, կ'ըսէ անոր.

-Հայոց հայրենասիրութեան պատճառը յաջողեցայ գտնել ես, ոչ թէ անոր համար որ ձեզմէ աւելի մտացի էի, այլ պարզապէս դիպուածը օգնեց ինծի:

Քեմալ Փաշա գոհունակութեամբ կը հրամցնէ թիկնաթոռ մը, կը քթթէ իր կանաչ աչքերը եւ ականջ կու տայ:

-Ժողովուրդի մը հայրենասիրական զգացումները ջնջելու համար,- կը շարունակէ փրոֆեսորը,- անհրաժեշտ է ջնջել ժողովուրդն իսկ: Այդ նպատակաւ է որ մենք ձեզի թելադրեցինք խմբական տեղահանութիւնը աւելցնել՝ տեղական ջարդերու ձեր հին մեթոտին վրայ: Բայց ժողովուրդ մը միայն ներկայ չէ, այլ նաեւ անցեալ: Միայն միս ու ոսկոր չէ, այլ նաեւ անշունչ իր: Այդ պատճառաւ է որ դուք քանդեցիք նաեւ անցեալը, որ կ'ապրէր անշունչ իրերուն մէջ, բնաջնջեցիք ձեռագիրն ու տպագիրը, ուժանակ դրիք Անիի աւերակներուն տակ եւ խաչքարով փողոց սալարկեցիք: Բայց ափսո՜ս, մոռցաք անհետացնել ու բնաջնջել առաւելապէս հիմնական բան մը, բան մը՝ որ հայ ժողովուրդին զգացումները իր մէջ կը խտացնէր առաւելագոյն չափով...
-Մոռցաք հայոց անթիւ զանգակները:

Եւ մինչ Քեմալ բողոքի շարժում մը կ'ընէր, միւսը յարեց.

-Բարեբախտաբար մենք կայինք: Բարեբախտաբար գերման զինարանները մետաղի պէտք ունեցան եւ դիմեցին ձեզի՝ իրենց զինակիցին: Այդ պատճառաւ է որ հաւաքեցինք հայոց բոլոր զանգակները: Կը յիշէք թերեւս թէ, այն ժամանակ, գնդապետի աստիճան ունէի եւ կը հսկէի փոխադրութեանց: Ի՜նչքան զանգակ հաւաքուեցաւ, տէ՛ր իմ: Կային որ պապերու պէս մէծ էին, ուրիշներ թոռնիկներու պէս փոքրիկ՝ իրենց արդարի ձայնով: Կային որ իրենց փէշերուն վրայ ունէին արձանագրութիւններ եւ զարդեր, կային որ մերկ էին: Կը յիշեմ նաեւ իրենց խլուած լեզուները: Այո՛, փրցուցինք իրենց լեզուները, զիրենք լռեցուցինք վերջնականպէս: Պիլեմետիկէն մինչեւ Էսկիշեհիր ուղեկցեցայ իրենց վակոններուն, եւ շոգեկառքը գիծէ դուրս ելաւ երկու անգամ: Կարծէք չէին ուզեր երթալ զանգակները Հայոց Աշխարհէն, անոնք, որոնք եկած էին Վասպուրականէն եւ Մշոյ դաշտէն, Ակնայ գաւառէն եւ Տաւրոսէն, անոնք, որոնք եկած էին լեռնային գիւղակներէն կամ բերրի այգեստաններէն: Զանգակները կը մերժէին երթալ, քաջ գիտնալով թէ իրենց մեկնումով պիտի լռէր վերջին ձայնը հայուն: Բայց գացին եւ ձուլուեցան:

-Ձեզ մտիկ կ'ընեմ,- ըսաւ պարզապէս Աթաթիւրք:

-Բայց մարդ էակին արարքներէն եւ ոչ մէկը կատարեալ է: Ինչ որ մարդկային է, անկատար է եւ թերի: Այդ իսկ պատճառաւ դուք չկրցաք բնաջնջել ամէն ինչ եւ հոս մնաց զանգակ մը, վերջինը:
Հայոց այդ վերջին զանգակն է որ կը հնչէ անվերջ եւ ձայն կու տայ իրեններուն, անոնց, որոնց ցրուած են հորիզոնէ հորիզոն, աշխարհէ աշխարհ, ծովէ ծով: Կ'ըսեն թէ աւերակ եկեղեցիի մը նկուղին մէջ մնացած զանգակ մըն է ան, շատ հին եւ տեսքով անշահ: Բայց ան կը ղօղանջէ անդադար: Իր ճի՛շդ մօտը գտնուող թուրքերը բա՜ն մը չեն լսէր, բայց երկրագունտիս ամենէն հեռաւոր անկիւնները ինկած հայոցմէ ոմանք՝ իրենց զանգակը կը լսեն արտակարգ յստակութեամբ: Սփիւռքի մէջ կան նաեւ հայեր, որ անգիտակ են: Անոնք իրենց ձեռքը կը դնեն իրենց կուրծքին վրայ եւ կ'ըսեն. «Սիրտս խօսեցաւ...»: Անոնք չեն գիտեր թէ հեռաւոր հողին ընդերքէն եկող ձայնն է, որ լեզու ելած է...:
Եւ այս զանգակը միշտ կը հնչէ, ան ամէ՛ն օր, ան ամէ՛ն ժամ եւ անդադար կը հնչէ՜...:



Շահան  Շահնուր  

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου