Κυριακή 24 Απριλίου 2011

ՎՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ






Տարագրութեան արհաւիրքներէն յիշողութեանս մէջ անջնջելի մնացած սարսռեցուցիչ եղերպատկերներէն մէկն է մանուկներու վաճառումը Սէպիլի վրաններուն տակ:

Սէպի՜լ... այդ անունը ինչ անդոհական սարսափով կը համակէր հէգ տարագիրներու հոգիները: Հալէպէն մէկ ժամ հեռու, դէպի արեւելք, ընդարձակ դաշտ մըն էր Սէպիլը, ուր կը ղրկուէին Հալէպ հասնող տարագիրները, հոնկէ ալ Տէր Զօր քշուելու համար:

Դէպի դժոխք տանող առաջին կայարանն էր ան:

1915 թուականի Դեկտեմբերի վերջերը, երբ հասայ Սէպիլ, դաշտը ծածկուած էր հազարաւոր վրաններով, որոնց մէջ խճողուած էին տարագիրները, Խարբերդի, Ատափազարի, Պրուսիայի, Ռոտոսթոյի, Այնթապի, Քիլիսի, Գոնիայի եւ Էնկիւրիի կողմերէն քշուած: Շատերը ճամբան կողոպտուած էին քիւրտերու եւ թուրք չէթէներու կողմէ, եւ ոմանք մնացած էին բոլորովին մերկ վիճակի մէջ:

Համաճարակները կատաղօրէն կը հնձէին օրական հարիւրաւոր կեանքեր: Աղբահաւաք կառքերը առտուընէ մինչեւ իրիկուն վրանէ վրան կը պտըտէին՝ մեռել ժողվելու: Եւ կը պատահէր որ մեռելներու հետ խառն ի խուռն կառք կը նետուէին նաեւ հոգեվարքի մէջ եղողները: Ու այս ահռելիօրէն եղերական բաները տեղի կ'ունէնային ամենուս առջեւ, անբանացած անտարբերութեան մը մէջ:

Բայց ամենասոսկալին մանուկներու վաճառքն էր: Գնորդները կառքով Հալէպէն կու գային, կառքէն կ'իջնէին ու վրանները կը շրջէին հարցնելով.

-Ծախու տղայ կա՞յ...

Մայրեր, որոնք տակաւին կտոր մը հաց ունէին ուտելիք, սոսկումով կը վանէին զանոնք, բայց ուրիշներ՝ անօթիներ, լացուկոծով, անէծքով իրենց զաւակները կը յանձնէին քանի մը մէճիտիէի փոխարէն: Գնորդները, որոնք հետերնին նարինջ ու սիմիթ բերած էին, փոքրիկ աղջկան ձեռքը նարինջ մը կու տային,- որովհետեւ այդ կիները միշտ աղջիկներ ծախու կ'առնէին,- ու խեղճ անօթի փոքրիկը կը յարձակէր նարինջին վրայ ու կը սկսէր կեղեւովը միասին կրծել, իսկ սիմիթը ցոյց կու տային միայն ու կ'ըսէին.

-Այս սիմիթն ալ կառքին մէջ կ'ուտես:

Ու սովահար աղջնակը, գառնուկի մը պէս, որ բուռ մը խոտին ետեւէն կ'երթայ, կը հետեւէր կիներուն, մանաւանդ սիմիթին, լալով եւ ատեն-ատեն ետին՝ մայրիկին նայելով...

Քանի՜-քանի՜ անգամներ խելահեղ մայրը իր զաւակը վաճառելէ ետք վազած ու կառքին մէջէն ետ յափշտակած էր զայն, դրամը գնորդներուն երեսին նետելով: Բայց աւելի յաճախ գոհացած էր ցաւին մէջ գալարուելով եւ թողած որ կառքը հեռանայ իր մայրական սրտին ու աղիքներուն վրայէն թաւալելով:

Տեսայ մայր մը, որ իր երկու զաւակները վաճառելէ քիչ ետք խենթացաւ, եւ ստիպուեցաւ զայն հիւանդանոց փոխադրել:

Տարագրութեան չարչարանքներուն ամենէն տաժանականը մանուկներու այս խլումն էր իրենց մայրական ծոցերէն: Եւ այն մայրերը, որոնց զաւակները յափշտակած էին բռնի, այնքան չէին ազդուած, որքան անոնք, որ իբր թէ կամովին իրենց տղաքը կը վաճառէին:

Անոնք որ տարագրութեան այս ահարկու կեանքը ապրեցան, կրնան ըսել Երեմիա մարգարէին պէս. «Ես այն մարդն եմ, որ տառապանքը  տեսայ»:


Երուանդ  Օտեան

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου