Πέμπτη 28 Απριλίου 2011

ՊԻՆԿԷՕԼ





Պինկէօլ՝ այն բարձր եւ աննման լեռն է, որ մեծ ու փոքր Հայաստանի կեդրոնը կամ սրտին վրայ ուսած է, եւ որ հիներն եւ նորերէն կը սեպուի Ադամայ Եդեմ դրախտ: Ասոր գագաթը ելլողը կը վայելէ անապակ օդ, շատ ջինջ կ'երեւայ իրեն երկնքի եթերը. քիչ մը դէպի վար իջեցնելով իր աչքերը, շուրջանակի կը տեսնէ Հայաստանի բոլոր կողմերը, կ'ողջունէ Մասիսները եւ Արագածը համայն հիւսիսային եւ արեւմտեան կողմերով:

Այստեղ Անիի գմբէթներուն ու բերդերու բեկորներուն վրայ վայող բուերու արձագանգն ու սոյլը կը բերէ գարնան սիւքը եւ կը խառնէ Պինկէօլի բլբուլներու եւ հովուական սրինգներու ձայներուն: Վասպուրականի ծովը, Տիգրանակերտն իր Միջագետքով, Ծոփք, Բալայ հովիտը, Կարինը՝ Բասենով, Պինկէօլէն կ'երեւին սրատեսներուն, եւ ասոնք Պինկէօլէն ջուր կ'ընդունին:

Խնուս, Քղի, Ճապաղջուր, Կարնոյ հիվիտը, բոլորն ալ Պինկէօլի ածուներն են, եւ բնակիչները անկէ իրենց հացն ու ջուրը կ'ընդունին:

Պինկէօլը դժնդակ տարտարոս մըն է ձմեռուան եղանակին, եւ դրախտ՝ գարնան եւ ամրան: Պինկէօլը վեհ եւ ահաւոր չէ, այլ սիրուն. թագաւորի չի նմանիր, այլ՝ թագուհիի. քնքուշ է եւ փափուկ. կոյս մըն է պճնազարդ եւ փափկասուն. շնորհքի լեռ է, քան թէ քաջերու եւ դիւցազուններու. ասոր համար իր վրայ եղած վէպերը ոչ Ազնաւուրի, ո՛չ Դեւի, ո՛չ յաղթողի եւ ո՛չ զինուորի ու թագաւորի են, այլ սիրոյ, զուաճութեան, առողջութեան, գեղեցկութեան եւ զարդի, անուշութեան, պարարտութեան եւ գուսանի: Որովհետեւ անոր բիւր աղբերակներուն եւ հազար ակերուն բոլոր բիւր տեսակ բոյսեր եւ ծաղիկներ փռուած են: Ջրարբի մարգեր, ամենադալար բանջարներ եւ խոտեր իրենց արմատներով՝ ուտելու, բուժելու, գոյն-գոյն ներկելու կը գործածեն. վայրի կենդանիները՝ առիւծ եւ վագր չեն, այլ՝ եղնիկ եւ այծեամ: Հոն կովերը, մատակ ձիերը եւ մաքիները հօտով կ'արածին, հորթ, քուռակ եւ գառներ կը ծնանին: Հաւերն իրենց ձուերը ծաղիկներու բոյլերուն մէջ ածելով թուխս կը նստին եւ ձագերով կը թռչտին:

Հոս զբօսասէրները կու գան ուրախանալու, հիւանդները՝ օդ ու ջուր ծծելով՝ կեանքը նորոգելու, կոյսերը եւ հարսները՝ ձեռագործի թելերը ներկելու համար ծաղիկ եւ արմատ ժողվելու, ժրաջան տանտիկինները՝ բանջար ժողվելու, բժիշկները՝ դեղ ու դարմանի համար ամէն բոյսէ ծիլ կամ ծաղիկ մը կամ թուփ մը առնելու. իսկ մեղուներու տզզոցն ու բզզոցը հիանալի դաշնակութիւն մը կու տան մարդոց ու թռչուններու երգերուն, անասուններու բառաչին, գորտերու կառաչին, գլգլացող առուակին ու սուլող սիւքի ձայնին: Անթիւ, անհամար են մեղուները: Բայց միեւնոյն ժամանակ օձերն ալ կը սողոսկին այդ ծաղիկներու քովերէն, իրենք ալ կ'առնեն միեւնոյն ծաղիկներէն հիւթը եւ կը վայելեն սուրբ օդը: Հոս, մեղուներով մեղր կը շինուի, օձերով՝ թոյն:


Գարեգին Եպ. Սրունաձտեանց

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου