Κυριακή 17 Απριλίου 2011

ՎԱՀԱԳՆ



Ո՜վ Աստուածն իմ հայրերուս,
Կը մօտենամ ահա բագնիդ, եւ ինձ հետ
Իր պախուրցէն քաշելով
Կը բերեմ ցուլ մ' հովիտներէն Տարօնի:
Տե՛ս, պարարտ է զոհս իմին.
Երբուծին մէջ կաթնաթոյր
Հողին ամբողջ կեանքը կայ.
Պարանոցն իր մըսուրն ի՜նչ է չի՛ գիտեր.
Ան սընած է արօտներուն մէջ ազատ,
Ու ակռաներն իր լուացուած են միայն
Հացեաց Դրախտի աղբիւրին մէջ նուիրական:
Երբ կը հեւայ իր հըզօր շունչն առջեւէդ
Կը վանէ հողն ու աւազները գետնէն,
Եւ կու գայ սեւ ռունգերէն հոտը ամբողջ
Դաշտային թաց կանանչին:
Տե՛ս, զոհս իմին գեղեցիկ է եւ վըսեմ.
Գըլուխն վըրայ կոր եղջիւրները խարտեաշ
Փառքի պսակն իր կ'ըլլան.
Կը բորբոքին աչքերուն մէջ ամեհի
Հըզօրութեան սեւ խունկեր.
Եւ թաւամազ իր ագին
Իբրեւ լորտու կողերուն շուրջն յարասող
Գոռեխներէն անբի՜ծ, մարմինը սո՜ւրբ կը պահէ:


Ո՜վ դու Վահագն, աստուածահա՛յր զօրութեան,
Ո՜վ Տիգրանի սերմին մէջ
Դու մարդացած Արեգակ,
Լուա՛ հոգիս, ճառագայթով մը օծէ
Շըրթունքներս այս, զի աւասիկ կ' համբուրեմ
Բագինըդ սուրբ եւ առած մուրճը ահեղ
Սպասարկու յաղթ բազուկով կը ջարդեմ
Ցուլիս ճակատն եւ իր արիւնն յորդավէժ
Կը նուիրեմ ծունկերուդ:
...Արդէն ահա կը մըխայ
Նուիրական խարոյկն առջեւդ ճարճատուն.
Կը շրջի բոցն ոստերուն մէջ ձիթենւոյ,
Եւ գիերուն հալած խեժէն արբեցած
Կ'ոստնու ուղիղ, եւ կ'երգէ
Վերափոխումն իրերուն ջինջ հոգիին:
Ա՛ռ.- արիւնոտ ասոնք կողերն են զոհիս.
Ցըռուկն է այս, ասոնք ճարպոտ զիստերն են,
Ահա՜ ըղեղն որ ուղղեց բնա՛զդն ու շընչեց
Եղջիւրներուն խեռութիւն,
Ահա ջերմ սիրտն, որ տակաւին կը սըրսփայ,
Եւ իր լեղին զոր ազդրին վրայ կը դընեմ
Յոյսով մ' որ ան պիտ' տոչորի ամբողջ.- ա՛ռ:-
Եւ բոցն որ արդ նետած պսակն իր ծուխի
Վըճիտօրէն կը բարձրանայ, կը տանի
Ցուլը ճենճեր առ ճենճեր
Վերն, ապարանքըդ երկնային խընկելու.
Ո՜վ դու Հըզօր, ընդունէ
Նուէրներս իմ, զոր մաքրափայլ սափորով
Կըրակին վրայ կը հեղում:
Ահա գինին, պինչերըդ բա՛ց ու շընչէ
Քաղցրաբոյր հոտն, եւ հաշտուէ
Աստուածային գինովութեամբ մը զուարթ
Այսօրուան քու ժող'վուրդիդ հետ կրօնափոխ:
Ահա հոման.- առջեւըդ զայն կը թափեմ
Մաքո՜ւր, անո՜ւշ եւ առա՜տ,
Ինչպէս թափեց ծառն իր կուրծքէն վիրաւոր
Իմ եօթն անգամ լուացուած
Թակոյկներուս մէջ շքեղ,
Զայն ընդունէ, համարէ
Ինչպէս արիւնն երեխայի մը՝ անմեղ,
Ինչպէս քըրտինքն հըղիներու՝ թանկագին:


Ո՜վ վեհ, գո՞հ ես, տուի քեզ ի՜նչ որ կար
Խըրճիթիս մէջ եւ հոգիիս, քեզ տուի
Թշնամին ի՜նչ որ մոռցած էր այս օրուան
Այրիացած Աշտիշատիդ մէջ ամայ:
Արդ մեր տոհմին իբրեւ վերջին Վահունի
Բագնիդ առջեւ ծունկի կու գամ երկիւղած
Կը համբուրեմ հողն ուր քու
Հոգիէդ մաս մ' արմատ կու տայ շոճերուն,
Եւ վերցուցած քեզի՜, քեզի՜ կարկառուն
Սա սոթտուած թեւերս, որոնց արմուկէն
Ցուլին արիւնը տակաւին կը կաթի,
Ո՜վ դու Վահագն, ո՜վ աստուած իմ հայրերուս
Կ'աղօթե՜մ ես... կ'աղօթե՜մ...


Ուժի՜ն համար, կրօնքի՜ն համար բազուկիդ,
Որով դու օր մը պատռեցիր բերաներ
Վիշապներու, երկընքին մէջ սըփռեցիր
Զերդ արեւու հունտեր, աստղերն Յարդգողին.
Ուժի՜ն համար, որ թըռիչն է եւ հոգին
Արարչութեան անվախճան,
Որուն անհուն համբոյրին տակ կը ծընի
Աշխարհներէն մաս մը ծաղիկ, մաս մը բոց,
Կ'ապրի սկըզբունքն Անմահութեան հիւլին մէջ
Եւ ըղեղին եւ կամքին,
Որուն հըզօր մատին տակ
Կը ճեղքուին սերմերն, աւիշն երգելով
Կաղիններուն մինչեւ գագաթը կ'ելլէ.
Ուժի՜ն համար, որ կը լեցնէ ստինքներ,
Կ'օրօրէ մեր օրանն ու մեզ, մահէն վերջ,
Մինչեւ աստղերը կը տանի ու մինչեւ
Երկրորդ կեանքի մ' արարչագործ պատճառին,
Որ կը կանգնէ Ազգ մ' ինչպէս խումբ մ' առիւծի,
Բազուկդ անոր բազուկին մէջ կ' հեղու,
Եւ զերդ հրեղէն վարազահաւ իր լուսեղ
Թռիչներուն անփոփման տակ կ' թըխսէ
Մեր մայրերուն ծոցին մէջ
Դիւցազուննե՜ր, հանճարնե՜ր,
Այդ սուրբ Ուժին համար կ'ըսեմ, որուն դու
Իմացական աղբերակն ես յորդահոս,
Ո՜վ դու Վահագն, ահա քեզի կարկառած
Բազուկներս իմ արիւնոտ
Կ'աղօթե՜մ ես... կ'աղօթե՜մ...


Դանիէլ  Վարուժան

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου