Ո՜հ, ի՛նչ անոյշ եւ ի՛նչպէս զով
Առաւօտուց փըչես՝ հովիկ,
Ծաղկանց վերայ գուրգուրալով
Եւ մազերուն կուսին փափկիկ.
Բայց չես հովիկ իմ Հայրենեաց,
Գընա՛ անցի՛ր սըրտէս ի բաց:
Ո՜հ, ի՛նչ աղու եւ սըրտագին
Ծառոց մէջէն երգես՝ թռչնի՛կ,
Սիրոյ ժամերն ի յանտառին
Ըզմայլեցան ի քո ձայնիկ.
Բայց չես թռչնիկ իմ Հայրենեաց,
Գընա՛ երգէ՛ սըրտէս ի բաց:
Ո՜հ, ի՛նչ մրմունջ հանես՝ վըտակ
Ականակիտ ու հանդարտիկ.
Քու հայելւոյդ մէջ անապակ
Նային զիրենք վարդն ու աղջիկ.
Բայց չես վըտակ իմ Հայրենեաց,
Գընա՛ հոսէ՛ սըրտէս ի բաց:
Թէպէտ թռչնիկն ու հովն Հայոց
Աւերակաց շրջին վերայ,
Թէպէտ պղտոր վըտակն Հայոց
Նոճիներու մէջ կը սողայ,
Նոքա հառա՛չք են Հայրենեաց,
Նոքա չերթա՛ն սըրտէս ի բաց:
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան
Δεν υπάρχουν σχόλια:
Δημοσίευση σχολίου