Բնութեան պէս եթէ ըլլաս
Ու հոգիիդ դաշտերուն մէջ
Ծառ ու ծաղիկ դառնաս,
Ու ջրվէժներ բարձունքներուն մէջ հոգիիդ ունենաս,
Արտերն ի վար երազներուդ
Ջրտուքը տաս,
Ու նմանիդ չնախանձիս
Ինչպէս դուն քեզ չես նախանձիր,
Կապոյտ ըլլաս երկինքի պէս
Ու աստղալիր,
Ժպտիս ամէն անցորդի,
Բուրմունքի պէս միշտ տարածուիս,
Որպէս ժպիտ կեանքէն անցնիս,
Բարով եկար, բարով երթաս:
Թորոս Թորանեան
Ապրիլ, 2005
Նարումա- Աւստրալիա
Δεν υπάρχουν σχόλια:
Δημοσίευση σχολίου