Τρίτη 21 Ιουνίου 2011

ՍԻՐՈՅ ԱՂԲԻՒ՜Ր



Ահա կու գամ երջանկութեան ակերէն.
Արիւնըս դե՜ռ երազօրէն կը հեւայ,
Ու արցունքներ արտեւանունքըս կ'այրեն:

Աղբի՜ւր, աղբի՜ւր, ինչ հըրճուանքով տենդագին
Երկարեցի թըշուառ շրթնե՛րըս ակիդ,
Ու ի՜նչ սիրով ըմպեցի ջո՛ւրըդ անգին:

Օհ, կ'ուզէի մընալ յաւէտ ակիդ քով,
Նիհար ճակատս կռթնցընել քու քարիդ,
Թաղուիլ ջուրիդ երջանկութե՜ան պատանքով:

Ու կ'ուզէի հալիլ կուրծքիդ մէջ անհետ,
Լոյծ մարմնոյդ մէջ կաթի՜լ մ' ըլլալ, կէ՜տ մ' ըլլալ,
Երգե՜լ, հեւա՜լ, քեզի նըման, քեզի հետ:

Ի՜նչ մոգութիւն կար մարմինիդ մէջ համակ,
Ի՜նչ կ'ըսէին ալիքներըդ վազելով,
Ու ի՜նչ հմայք կար փրփուրիդ մէջ ճերմակ:

Շրթունքըս դե՛ռ քեզ կը փնտռեն տենդագին,
Ու հըրատապ այտերէս վար մեղմօրէն,
Դողդըղալով կը սահի ցօ՛ղը կեանքին...

Ահա կու գամ երջանկութեան ակերէն...


Ռուբէն Սեւակ

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου