Πέμπτη 16 Αυγούστου 2012

ԵՐԱԶ ՈՒ ԿԵԱՆՔ



Ես չգտայ կեանքին մէջ,
Իր էջերուն մէջ հազար՝
Ճաճանչաւոր ոչ մէկ էջ
Իմ երազիս հաւասար...

Ես չկրցայ երազէս
Ապրիլ ոչ իսկ տող մ' երբեք.
Խաւարին մէջ կ'երթամ ես
Այս մտածմամբ սրտաբեկ...

Երազն ինչպէ՞ս կը ծնի,
Այնքան աղուոր, լուսաւոր,
Կեանքի մութէն դժպըհի...

Բայց չէ՞ արդեոք կեանքն անոր՝
Երազին ծնունդն անկատար,
Զայն չգտնող, խնդրո՜ղ յար...


Վահան Թէքէեան

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου